Մարաղայի Մէջ Տեղի Ունեցածը կը Համապատասխանէ Ցեղասպանութիւն Եզրոյթին. Հայաստանի մէջ Արցախի Ներկայացուցչութեան Ղեկավարի Տեղակալ

Հայաստան

Պէտք է արձանագրել, որ 1992 Ապրիլ 10-ին տեղի ունեցածը փաստացի բոլոր ապացոյցներով եւ վկայութիւններով լիովին կը համապատասխանէ ռազմական յանցագործութիւն եւ ցեղասպանութիւն եզրոյթներուն:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, Մարաղայի կոտորածի 27-րդ տարելիցին նուիրուած լսումներուն ժամանակ, ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան ղեկավարի տեղակալ Աշոտ Մելեան:

Աշոտ Մելեան, իր խօսքին մէջ, ընդգծեց այն հանգամանքը, որ Մարաղայի մէջ կոտորած իրականացուցած ատրպէյճանական բանակի «Գուրթուլուշ» գումարտակի հրամանատար Շահին Թալիպօղլի Թաղիեւը ստացած է Ատրպէյճանի հերոսի կոչում: «Ասիկա կը վկայէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէն ոչ միայն խրախուսուող, այլ նաեւ կանխամտածուած հայաջինջ քաղաքականութեան մասին»,- նշեց Ա. Մելեան:

Ան ընդգծեց, որ Պուտափեշտի մէջ քնացած հայ սպայի դաժան սպանութիւնն ու յանցագործի հերոսացումը, Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ խաղաղ բնակիչներու նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւնները ատոր տրամաբանական շարունակութիւնը եղան:

Մելեանի խօսքերով՝ պէտք չէ մոռնալ, որ Արցախեան հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, իսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հայատեաց քարոզչութիւնը սեփական բնակչութեան մէջ, կը զինեն իրենց բանակը եւ չեն հրաժարիր հարցի լուծման ուժային տարբերակէն:

«Այսպիսի պայմաններու մէջ մենք պէտք է զգօնութիւն պահպանենք, պատրաստ ըլլանք անհրաժեշտ պարագային հակահարուած տալու, որպէսզի կանխենք յետագային նման ոճրագործութիւնները»,- ըսաւ Մելեան:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները նախագահի, ԱԺ նախագահի եւ ԱԳ նախարարի մակարդակով քանիցս քաղաքական գնահատական հնչեցուցած են Մարաղայի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

«Իշխանութիւններուն եւ Հայաստանի Համահայկական հիմնադրամին ջանքերով այժմ, հետզհետէ, կը բարեկարգուի Նոր Մարաղա գիւղը, ուր 1995-էն ապաստան գտած է Մարաղայի կոտորածէն փրկուած բնակչութեան մէկ մասը»,- աւելցուց Ա. Մելեան:

Նշենք, որ 1992 Ապրիլ 10-ին, տեւական հրետակոծումէ ետք, Ատրպէյճանի կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումները ներխուժեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Մարաղա գիւղ եւ զայն աւերեցին ու հրկիզեցին:

Դաժանութեամբ աննախադէպ ռազմական յանցագործութեան իբրեւ արդիւնք՝ գիւղին մէջ մնացած 118 մարդէն՝ յատկապէս տարէցներ, հաշմանդամներ, կանայք եւ երեխաներ, ըստ Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան տուեալներուն, սպաննուեցաւ աւելի քան 50 խաղաղ բնակիչ, գերեվարուեցաւ՝ 49, որոնց մէջ՝ 9 երեխայ եւ 19 կին, որոնցմէ 19-ի ճակատագիրը մինչ օրս անյայտ է։