Հայաստան եւ Փորթուկալ Յաջող Գործընկերներ Կրնան Ըլլալ. Արմէն Սարգսեան Հանդիպած է Փորթուկալի Նախագահին Հետ

Հայաստան

Աշխատանքային այցով Փորթուկալ գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 9-ին հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահ Մարսէլու Ռեբելու տէ Սոզայի հետ։ Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, նախագահ Մարսէլու Ռեբելու տէ Սոզան ողջունած է Հայաստանի իր գործընկերոջ այցը Փորթուկալ։

Ընդգծելով երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմամշակութային սերտ առնչութիւնները՝ Փորթուկալի նախագահը մեծագոյն ակնածանքով խօսած է Փորթուկալահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ անոր անունը կրող հիմնադրամի գործունէութեան մասին։ Նախագահ Սարգսեան իր հերթին բարձր գնահատած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի մարդասիրական եւ մշակութային գործունէութիւնը եւ նշած է, որ հիմնադրամը իւրատեսակ կամուրջ է հայ- փորթուկալական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։

Հայաստանի եւ Փորթուկալի նախագահները մտքեր փոխանակած են փոխգործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւններու շուրջ։ Անոնք համակարծիք եղած են, որ երկու երկիրները յաջող գործընկերներ կրնան ըլլալ կրթութեան, գիտութեան եւ նորագոյն գիտարուեստներու ոլորտներէն ներս։

Անդրադառնալով Փորթուկալի կողմէ տիեզերք արբանեակներ արձակելու կայանի կառուցման ծրագրին՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ Հայաստան այս ոլորտէն ներս ունի մեծ գիտական ներուժ։

Իբրեւ համագործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւն՝ զրուցակիցները առանձնացուցած են նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտը։ Նշելով, որ Հայաստանէն աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կրնան այցելել Փորթուկալ եւ աւելի մեծ թիւով փորթուկալացիներ կրնան գալ եւ բացայայտել Հայաստանը՝ կողմերը կարեւորած են երկու երկրներու միջեւ օդային հաղորդակցութեան բարելաւման խնդիրը եւ հնարաւորութիւններու ուսումնասիրումը։

Նախագահները իրարու հրաւիրած են պաշտօնական այցի իրենց երկիրներ։