Արսէն Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուխարեսթի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 61 քկ․ դասակարգի եզրափակիչ փուլին հայաստանցի ընբիշ Արսէն Յարութիւնեան մրցեցաւ վրացի Պեկա Լոմթաձէի հետ եւ տպաւորիչ 17:11 հաշիւով յաղթեց:

19-ամեայ ըմբիշը որակաւորման փուլին 14:8 հաշիւով յաղթած էր ուքրանացի Վոլոտիմիր Պորուքովին, իսկ քառորդ եզրափակիչին 5:2 հաշիւով պարտութեան մատնած էր թուրք Ռեճեփ Թոփալին: