Թուրք Գերեզմանափորները Ցեղասպանութեան Ժամանակաշրջանի Հայկական Գանձերը Կը Փնտռեն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան     

Վերջերս «Հապեր թուրք» (Haber Turk) հեռատեսիլի ընկերութիւնը հարցազրոյց ըրած էր այն հազարաւոր թուրք գերեզմանափորներէն մէկուն հետ, որոնք կը փորձեն գտնել մէկ դար առաջ ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանէն մնացած հայկական գանձերը:

Բաւական չէ, որ 1.5 միլիոն հայ սպաննուեցաւ եւ զրկուեցաւ իր ունեցուածքէն ու հայրենիքէն, հիմա ալ, որոշ թուրքեր, «հպարտութեամբ» թանկարժէք մետաղներ կը փնտռեն՝ պղծելով հայկական գերեզմանոցները եւ այլ հնագոյն հայկական վայրեր, ինչպէս եկեղեցիներն ու տուները:

«Հապեր թուրք»-ի հարցազրոյցը.

«Ինչպէ՞ս կարելի է գողնալ հայկական ոսկին»:

Հաղորդավար՝ Օյլում Թալու
Հիւր՝ Ուկուր Գուլաչ

Հիւր. Անհաւատը թուրքին ցոյց չի տար գանձին տեղը, քանի որ մենք կը փորձենք գտնել անոնց դրամները: Մենք կը փնտռենք հայերուն եւ յոյներուն դրամները:

Հաղորդավար. Այսպիսով, Դուք մասնագէտ գանձ որոնո՞ղ էք:

Հիւր. Այո՛:

Հաղորդավար. Դուք շատ հետաքրքրական անձնաւորութիւն էք: Նախ, Ձեր գիրքերը զարմանալի են: Ես կ՝ուզեմ այդ գիրքերը նուիրել մարդոց:

Հիւր. Շնորհակալութիւն:

Հաղորդավար. Քարտէզները, քարտէզներու բացատրութիւնը: Ատիկա շատ զարմանալի գիրք է: Ի՞նչ է գանձ որոնողը:

Հիւր. Գանձ որոնողը՝ ոսկեխոյզ է: Միակ բանը, որուն մասին կը մտածէ գանձ որոնողը՝ ոսկին է, ուրիշ ոչինչ: Ի հարկէ, անոնք կ՝աւերեն այն վայրերը, ուր անփութօրէն կը փորեն: Գանձ որոնողները շատ գաղտնի վայրեր գիտեն, որոնց մասին նոյնիսկ հնագէտները չեն գիտեր: Այ՛դ է ոսկի գտնողը:

Հաղորդավար. Օ~հ, հրաշալի է… Ոսկի գտնող… Քանի՞ գանձ որոնող կայ Թուրքիոյ մէջ:

Հիւր. Աւելի քան 500 հազար գանձ որոնող, որոնք գրանցուած են իմ ընկերութեան մէջ:

Հաղորդավար. Իրա՞ւ:

Հիւր. Այո՛…

Հաղորդավար. 500 հազար գանձ որոնո՞ղ:

Հիւր. Մօտ 18 տարի ես այս ոլորտին մէջ եմ: Ես կ՝արտադրեմ այդ սարքերը եւ անոնք կը վաճառեն: Այս պահուն 25 հազար մարդու վաճառած եմ անոնցմէ: Հիմա մենք 130 ընկերութիւն ենք Թուրքիոյ մէջ: Մենք այս ոլորտին մէջ կը ծառայենք ժողովուրդին: Օրինակ, եթէ պետութիւնը գանձեր որոնողներուն խնդրէ բերել բոլոր պատմական իրերը, ուստի անոնք աւելի շատ պիտի ըլլան, քան թանգարաններու մէջ պահուող նիւթերը:

Հաղորդավար. Օ~հ…

Հիւր. Թուրքիոյ մէջ գանձերը կ՝ըլլան երեք տեսակ՝ թոներով, ամաններով եւ կաթսաներով:

Հաղորդավար. Ինչի՞ մասին կը խօսիք: Ամաննե՞ր, թոնե՞ր եւ կաթսանե՞ր:

Հիւր. Այո՛:

Հաղորդավար. Դուք նկատի ունիք, որ անոնք ամբողջ ոսկին դրած են կաթսայի մէջ, վերէն ծածկել, որովհետեւ այն ժամանակ դրամատուներ չկային: Անոնք փախած են…

Հիւր. Ի հարկէ:

Հիւր. Այս աշխատանքը մօտ 100 տարուան պատմութիւն ունի: Տեղահանութեան պահուն որոշ փոքրամասնութիւններ երկրէն արտաքսուած են: Անոնք չեն կրցած իրենց ունեցուածքը տանիլ իրենց հետ, անոնք թաղած են տարբեր տեղեր՝ մտածելով, որ պիտի վերադառնան: Սակայն, անոնց մեծ մասը ոչ մէկ կերպով կրցած է վերադառնալ: Բայց անոնց զաւակները, տարուան որոշ ժամանակահատուածի, կու գան Թուրքիա, ուր ապրած են անոնց նախնիները: Իսկ յետոյ անոնք կը փորեն հողը եւ այնտեղէն կը հանեն իրենց նախնիներուն թաղած դրամը։ Անոնք քարտէզներ ունին: Անոնք կը հիւրընկալուին իրենց նախնիներու հարեւաններուն տան մէջ: Երբ տանտէրը կը քնանայ, անոնք դուրս կ՝ելլեն, կը փորեն հողը, կը վերցնեն դրամը եւ կը հեռանան: Գանձերու որոնումը կը բաժնուի երկու խումբի: Առաջին խումբը զբաղած է մօտ անցեալի փոքրամասնութիւններու ունեցուածքի որոնումով: Երկրորդ խումբը բաղկացած է հին քաղաքակրթութիւններու գանձեր որոնողներէ: (Այնուհետեւ հիւրը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կ՝որոնէ իր որոնողական սարքին միջոցով, որ, ցաւօք, չ՝աշխատիր..․): Եթէ պետութիւնը քեզի բռնէ առաջին անգամ՝ տուգանք չկայ… Իզմիթի շրջանը Հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաքն էր եւ այնտեղ թաղուած են շատ գեղեցիկ գանձեր… Ի հարկէ, կան փոքր գանձեր, որոնք կը պատկանին մօտ անցեալի փոքրամասնութիւններուն: Կախարդանք պէտք է իրականացուի այնտեղ: Գանձերը ճիներուն մօտ պահուած են: Մենք կը փնտռենք ոսկի դրամներ: Ոսկին շատ կարեւոր է գանձ որոնողներուն համար: Օրինակ, ոսկիէ կամ այլ բաներէ պատրաստուած արձանները կամ ոսկի դրամները: Անոնք շատ արժէքաւոր են: Անոնք կարելի է վաճառել ամէն տեղ: Անոնք կը հալեցնեն զանոնք կամ ուղղակիօրէն կը վաճառեն մաքսանենգներուն կամ կրնան վաճառել պետութեան: Թող անոնք արտօնութիւն տան ինծի, ես կը գտնեմ այնքան գումար, որմով կը վճարեմ Թուրքիոյ կառավարութեան պարտքը Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին:

Հաղորդավար. Իսկ ինչո՞ւ այդ ոսկին դուրս չի բերուիր:

Հիւր. Որովհետեւ այդ երկիրները չեն ուզեր, որ այս ոսկին դուրս բերուի Թուրքիայէն… Գանձ որոնողները հետաքրքրուած չեն հնագոյն քաղաքներով կամ տարածքներով: Անոնց միակ հետաքրքրութիւնն է՝ գտնել գերեզմանը, փորել զայն եւ վերցնել արժէքաւոր իրերն ու հեռանալ:

Հաղորդավար. Ինչո՞ւ հնագէտները չեն սիրեր ձեզի:

Հիւր. Որովհետեւ մենքկը  կոտրենք պատմական իրերը:

Հաղորդավար. Այսպիսով, Դուք կ՝ըսէք, որ «մենք կը փնտռենք վերջին 60-90 տարուան ընթացքին տեղահանուած փոքրամասնութիւններո՞ւ գումարները»:

Հիւր. Իմ յաճախորդներուն մէջ կան խորհրդարանականներ, բժիշկներ, գործարարներ, փրոֆէսըրներ: Հիմա գարուն կու գայ, գանձ որոնողները աշխուժացած են: Անոնք ամիսներ շարունակ համբերատար սպասած են: Անոնք հիմա պիտի յարձակին: Ամէն տարի այսպէս կ՝ըլլայ: Այս տարի փորուածքներուն մէջ յայտնաբերուած իրերը նորէն պիտի վաճառուին արտասահմանի մէջ: Մենք նիւթապաշտ չենք: Մենք կը հաւատանք նաեւ հոգեւորին: Մահմետականները պէտք է հարուստ եւ հզօր ըլլան: Ինչո՞ւ մենք պէտք է աղքատ ըլլանք: Մենք յատուկ երկիր ենք՝ ստեղծուած Ալլահի կողմէն…

Հաղորդավար. Շատ շնորհակալ եմ:

Այս գողերը կը թալանեն ոչ միայն հայերուն եւ միւս փոքրամասնութիւններուն պատկանող գանձերը, այլեւ կը խախտեն թրքական օրէնքները: Անհաւատալի է, որ այդ գողերը կը յայտնուին թրքական հեռուստատեսութեան մէջ  եւ նման լկտի մեծամտութեամբ կը պատմեն իրենց քրէական գործերուն մասին… Թուրքիոյ մէջ խիստ օրէնքներ կը գործեն գանձ որոնողներուն համար, որոնց արտօնութիւնները կը սահամանափակուին 30-օրեայ ժամկէտով եւ 100 քառ. մ տարածքի համար։ Կայ «մշակութային տարածքներ»ու երկար ցուցակ, ինչպէս՝ կրօնական վայրերն ու գերեզմանոցները, ուր նոյնիսկ արտօնագրուած գանձ որոնողներուն թոյլ չի տրուիր փորել։

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը