Անգարա Կը Քննադատէ Իտալիոյ Խորհրդարանին Ներկայացուած Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

Աշխարհ

Ապրիլ 9-ին, Իտալիոյ խորհրդարանին ներկայացուեցաւ երկրի կառավարութենէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ պահանջող բանաձեւ մը, որմէ անմիջապէս ետք, Անգարայի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Կայեանի կանչուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր բողոքագիր մը յանձնուեցաւ անոր եւ Հռոմի իշխանութիւններէն պարզաբանումներ պահանջուեցաւ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Կը նշուի, որ բանաձեւին կը զօրակցին համախոհական կառավարութեան անդամ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ պատգամաւորներ:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ 1973-ին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովը 1915-1917-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1.5 միլիոն հայերու սպանդը ցեղասպանութիւն որակած է, ինչպէս նաեւ տրուած են նման որոշումներ՝ Եւրոպական Խորհրդարանի եւ շարք մը այլ երկիրներու խորհրդարաններու եւ կառավարութեանց կողմէ։ Նշուած է նաեւ Ֆրանսիս պապին այն յայտարարութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը համարէր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: