Ջաւախեցիները Նոր Առաջնորդական Փոխանորդ Ունին

Հայաստան

Ջաւախեցիները նոր առաջնորդական փոխանորդ ունին: Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան Ապրիլ 5-ին Ախալքալաքի շրջանային վարչութեան, հոգեւորականներուն ու մտաւորականներուն ներկայացուց Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեանը, կը հաղորդէ «Երկիրմեդիա»-ն:

Ան երկար տարիներ ղեկավարած է Արժանթինի մայրաքաղաքի` Պուէնոս Այրեսի հայկական եկեղեցին:

Տէր Մաղաքիայի ընդունելութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ առաջնորդարանին մէջ: Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան նշեց, որ փոխանորդին ամբողջական ինքնակառավարման իրաւունք տրուած է, եւ անոր հետ մեծ յոյսեր կը կապեն, որ լաւ եւ առաքինի ծառայութիւն պիտի մատուցէ տեղացիներուն:

Տէր Մաղաքիան նշած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է այդ ծառայութիւնը ստանձնելը: