Մեզի Պարտադրուած Պատերազմի Պարագային Մենք Պիտի Պպարտադրենք Խաղաղութիւն.Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Հայաստան չի պատրաստուիր ռազմական գործողութիւն սկսելու, բայց եթէ ոեւէ մէկը նման քայլ ընէ, ապա Հայաստան անոր պիտի պարտադրէ խաղաղութիւն: Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին նշեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջին հանդիպման` Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ անիկա անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ:

«Համանախագահներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ հանդիպումը անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Պայմանաւորուած ենք պահպանել եւ ուժեղացնել հրադադարը: Կայ արդեօք հնարաւորութիւն, որ մենք դրժենք այդ պայմանաւորուածութիւնը. ոչ, այդպիսի հնարաւորութիւն չկայ: Բայց եթէ յանկարծ ոեւէ մէկը դրժէ այդ պայմանաւորուածութիւնը, ապա ատիկա չի նշանակեր, թէ մենք պիտի չպաշտպանուինք»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ըսած է Փաշինեան:

Լրագրողներու խնդրանքով ան անդրադարձաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի յայտարարութեան, որ «տարածքներ` խաղաղութեան դիմաց» սկզբունքը պիտի չըլլայ: Նախարար Տօնոյեան ան վերաձեւակերպած էր այսպէս` «նոր պատերազմ` նոր տարածքներու դիմաց»:

«Մենք կ՛ըսենք, մեզի մի՛ վախցնէք պատերազմով, որովհետեւ մենք պատերազմէն վախեցողը չենք: ՊՆ յայտարարութեան մէջ ոչ մէկ անտրամաբանական, առաւել եւս ոչ մէկ ապակառուցողական բան կայ: Եթէ ոեւէ մէկը մեր դէմ պատերազմ սկսի, կը մտածէ, որ Հայաստանը պիտի յանձնուի՞: Ի հարկէ` ոչ: Մենք կ՛ըսենք` մենք թիւ մէկ ջատագովն ենք, որ ղարաբաղեան հարցը լուծուի խաղաղ ճանապարհով, եւ մենք ըսած ենք, որ ամէն ինչ պիտի ընենք, որ առաջ քաշենք խաղաղութեան օրակարգը: Եւ եթէ մենք անընդհատ կը խօսինք խաղաղութեան օրակարգէն, ապա թող տպաւորութիւն չըլլայ, որ պատերազմի սպառնալիքէն մենք պիտի վախնանք: Որքան պատերազմի սպառնալիքէն մենք վախենալու բան ունինք, այնքան ալ Ատրպէյճանը ունի վախենալու բան, եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանը ունի վախենալու բան: Մեզի պարտադրուած պատերազմի պարագային մենք պիտի պարտադրենք խաղաղութիւն: Մենք չենք պատրաստուիր ռազմական գործողութիւն սկսելու, բայց եթէ ոեւէ մէկը մեր դէմ ռազմական գործողութիւն սկսի, ապա մենք պիտի պարտադրենք խաղաղութիւն»,-ըսաւ վարչապետ Փաշինեան: