ԱՄՆ Աւելի Քան 70 Քոնկրեսական Միացած է Շիֆի եւ Պիլիրակիսի` Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Նոր Բանաձեւ Ներկայացնելու Նախաձեռնութեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին ընդառաջ ամերիկացի քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆին ու Կաս Պիլիրակիսին միացած է Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի աւելի քան 70 անդամ` ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր բանաձեւ, որուն նպատակն է ԱՄՆ քաղաքականութեան մէջ հետեւեալ դրոյթներու ամրագրումը.

  1. Հայոց ցեղասպանութեան հերքման մերժում,
  2. ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ այս յանցանքի պաշտօնական ճանաչում եւ ոգեկոչում,
  3. Ժամանակակից աշխարհի մէջ նման յանցանքները կանխելու նպատակով Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի վերաբերեալ ուսուցում կազմակերպելու կարեւորութեան գիտակցում:

    ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունած է քոնկրեսականներու երկկուսակցական նախաձեռնութիւնը` կարեւոր համարելով յատկապէս այն, որ ԱՄՆ ապագայ սերունդները պէտք է կրթութեան միջոցով տեղեկանան հայերու դէմ կազմակերպուած յանցագործութեան փաստերու մասին:

    Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, խօսելով բանաձեւի մասին, նշած է, որ աւելի քան 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած եւ 1,5 միլիոն հայու կեանք խլած ցեղասպանութիւնը «սոսկ անցեալի փաստ չէ, այլ ներկայի առկախուած սպառնալիք»:

    «Անոր հերքումը ոչ միայն շարունակական վիրաւորանք է փրկուածներուն համար, այլեւ մէկ այլ ժողովուրդի դէմ ցեղասպանութեան կրկնութեան վտանգ: Աւելի կարեւոր կը դառնայ Քոնկրեսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան` որպէս պատմական փաստի ճանաչումը»,- «Թերթ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է քոնկրեսականը:

    Անոր գործընկեր Կաս Պիլիրակիս իր հերթին նշած է, որ «ցեղասպանութիւնը ոչ թէ պէտք է հերքել, այլ ընդունիլ որպէս մարդկութեան համար պատուհաս»:

    «Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան մէջ քաջութեան նոր էջ պիտի բանայ: Գործող վարչակազմի հաստատուն առաջնորդութեամբ` ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոի` Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման դէմ կանգնի»,-եզրափակած է քոնկրեսականը: