Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Նշուեցաւ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Հիմնադրման 25-ամեակը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լոս Անճելըսի մէջ, Ապրիլ 7-ին, տեղի ունեցաւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնադրման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկ: Այս մասին կը  տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

Հանդիսութեան կը մասնակցէր աշխատանքային այցով ԱՄՆ գտնուող ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան, ներկայ էին Քալիֆորնիոյ ծերակուտականներ եւ նահանգային ստորին պալատի պատգամաւորներ, մարզային եւ քաղաքային իշխանութեան ղեկավարներ, արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդներ, քաղաքական, հասարակական, մշակութեաին կառոյցներու ղեկավարներ, համայնքային գործիչներ, բարերարներ եւ մտաւորականներ:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան՝ ողջունելով ներկաները՝ հակիրճ անդրադարձաւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնադրման պատմութեան, անցած ճանապարհին եւ ներկայ գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընթերցեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յղած ուղերձը։

Վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեան, իր ելոյթին մէջ, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը շնորհաւորեց 25-ամեակին առիթով, նաեւ՝ հայ համայնքին երախտագիտութիւն յայտնեց հայրենիքի իրադարձութիւններուն հաղորդակից ըլլալու եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան զօրակցելու համար: Տիկին Յակոբեան նաեւ ներկայացուց իր ղեկավարած հիմնադրամներուն գործունէութիւնը եւ ծրագրերը:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան շնորհաւորանքի խօսք ըսաւ ՀՀ ԱԳՆ գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեան՝ ներկայացնելով ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի շնորհաւորական ուղերձը: Երեկոյին մասնակցելու համար Ուաշինկթընէն ժամանած էր նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, որ նաեւ հանդէս եկաւ ելոյթով:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնադրման 25-ամեայ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութեան ընթացքին՝ պատուի արժանացան ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հիմնադրման աջակցած բարեկամներու խումբի մէկ մասը եւ «Հայաստանի տուն» կազմակերպութեան ղեկավար խորհուրդը, որ գլխաւոր հիւպատոսութեան տրամադրած է իր ներկայ շէնքը եւ այսօր ալ կը շարունակէ իր նպաստը բերել հայաշատ Քալիֆորնիոյ մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան: