Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Բեմականացում Սոֆիայի ՄԷջ

Սփիւռք

Մարտ 30-ին Սոֆիայի «Նայիրի» պարախումբը՝ պուլկարական «Էստրեիա» պալէի խումբին յատուկ մասնակցութեամբ՝ կրկին մեծ յաջողութեամբ ներկայացուց «Ճանապարհ» պարային ու բանաստեղծական բեմադրութիւնը: Պարարուեստի եւ Անահիտ Չալեովսկայի բանաստեղծութիւններու  միջոցով,  յենուելով իրական դէպքերու ու յուշերու վրայ` ցուցադրուեցաւ  հայ ընտանիքի մը կեանքի պատմութիւնը 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան օրերէն:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Գոհար Խնկանոսեան, բեմադրութեան նիւթը տատիկի մը պատմութիւնն է` իր եւ իր ընտանիքի վերապրած օրերուն մասին: Ներկայացման ընթացքին ազդեցիկ չափածոն  եւ ներդաշնակ պարերը կ՛ուղեկցուին համապատասխան դրուագներով: «Ուզունդարա», «Նազանի», «Կուժերով պար», «Հարսնցուի պար», «Հովիւներու խաղը», «Շալախօ» պարերը կը ներկայացնեն խաղաղ ու անհոգ կեանքը Հայրենիքի մէջ: «Ատանա» եւ «Քաոս» պարերը կը պատկերեն Ցեղասպանութեան դաժան օրերը: Ապա կը յաջորդեն հիւրընկալ պուլկար ժողովուրդի ազգային պարերն  ու հայկական ուրախ «Ղափաման»:

«Նայիրի»-ի 7-9 տարեկան պարողները հանդէս եկան «Գարնանային ծաղիկներ» պարով եւ մասնակցեցան «Ղափամա»-ին: Համերգի աւարտին  համատեղ կատարուեցաւ «Բերդ» պարը:

«Նայիրի» հայկական պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Էմմա Շահինեան-Փալովան քառասունէ աւելի պարողներու միջոցով հանդիսատեսին ներկայացուց պարային մօտ 20 տարբեր տարազ, որոնցմէ քանի մը հատը Հայաստանի վարպետներու ձեռքի աշխատանքն են, իսկ միւսները պատրաստած են պուլկարահայ դերձակները:

Ներկաները դահլիճէն հեռացան հիացած եւ ոգեշնչուած` ակնկալելով նորանոր ելոյթներ ու հրաշալի տպաւորութիւններ: մեծ յաջողութիւն ունեցող ներկայացումը կը նախատեսուի ցուցադրել նաեւ Պուլկարիոյ այլ քաղաքներու մէջ:

Լուսանկարները` Մարի Քնալեան, Միլէն Չալեովսկի եւ Նիքոլ Իվանովա