Քաղաքական Անդրադարձ. Ալճերիոյ Երիտասարդութիւնը Կը Պոռթկայ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Եղիա Թաշճեան

16 Փետրուարին Ալճերիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ սկսան ցոյցեր: Ցուցարարները մերժեցին մահամերձ նախագահ Ապտուլազիզ Պութաֆլիքայի` պաշտօնավարութեան 5-րդ շրջանի մը համար թեկնածութեան առաջադրումը: Պութաֆլիքա, որ 82 տարեկան է,անդամալոյծ է եւ վերջին տարիներուն իր կեանքը անցուց հիւանդանոցին մէջ: Մինչեւ օրս ցոյցերը ունին խաղաղ բնոյթ:

1999-էն մինչեւ օրս ան Ալճերիոյ նախագահն է, 2013-ին սրտի կաթուած մը անցուց եւ քալելու իր կարողութիւնը կորսնցուց: Սակայն շատերուն համար ան հերոս է,որուն ժամանակաշրջանին երկիրը ունեցաւ տնտեսական աճ եւ խաղաղութիւն, հակառակ անոր որ դրացի երկիրները մխրճուած էին անկայունութեան եւ քաղաքացիական պատերազմներու մէջ:

Ինչպէս 2011-ի «Արաբական գարնան», նոյնպէս ալ 2019-ի փետրուարին ալճերիացիք օգտագործեցին ընկերային ցանցերը, որպէսզի կազմակերպեն իրենց բողոքի ցոյցերը: Այսպիսով, տարբեր ձախակողմեան, իսլամական եւ ազատական շարժումներ համագործակցեցան, որպէսզի մէկ քաղաքական գոյն չտան ցոյցերուն: Բազմաթիւ ալճերիացիներու յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է 1991-2001 քաղաքացիական պատերազմը իսլամականներուն եւ բանակին միջեւ: Պատերազմը սկսաւ 1991-ին, երբ իսլամական կուսակցութիւններու դաշինքը յաղթական դուրս եկաւ ընտրութենէն, բան մը, որ բանակը չընդունեց:

Բնականաբար իշխանամէտ ուժերը պիտի խաղային այս խաղաքարտը ցուցարարներուն դէմ: Այսպիսի քաղաքականութիւն որդեգրուած էր Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ: Սակայն մինչեւ օրս ոչ մէկ ազդեցութիւն կայ ցուցարարներուն վրայ, որոնք կը շարունակեն իրենց խաղաղ ցոյցերը: Ցուցարարները պնդեցին իրենց պահանջներուն վրայ եւ մերժեցին Պութաֆլիքայի 5-րդ անգամ ըլլալով թեկնածու առաջադրուիլը, անոնք հաստատեցին, որ 82-ամեայ նախագահը անկարող է, ու այլ նախագահ մը պէտք է ընտրուի, եւ վերջապէս, որ նախագահական աթոռը թափուր յայտարարուի եւ կառավարութիւնը ստանձնէ պետութեան բանալի գործերը, մինչեւ որ նոր նախագահ ընտրուի:

Միջազգային գետնի վրայ Ռուսիա մտահոգութեամբ կը հետեւի Ալճերիոյ իրադարձութիւններուն, իսկ Եւրոպական Միութիւնը` զգուշութեամբ: Եւրոպական Միութիւնը զգուշ է, որովհետեւ եթէ Ալճերիա մտնէ անկայունութեան մէջ, ապա գաղթականներու հսկայական հոսք մը պիտի հասնի Եւրոպա: Աւելի՛ն. Ալճերիոյ բանակը կայունութիւն հաստատած է երկրին եւ սահմանային շրջաններուն մէջ, հետեւաբար եթէ այս կայունութիւնը խախտի, ապա զինեալ խմբաւորումներ կրնան մուտք գործել Եւրոպա: Վերջապէս, Ալճերիա աշխարհի 5-րդ դիրքը կը գրաւէ կազ արտադրելու մէջ: Հետեւաբար ան ունի աշխարհաքաղաքական եւ ուժանիւթային մեծ կարեւորութիւն:

Տակաւին կանուխ է գուշակելու, սակայն կը կարծեմ, թէ բաւական դասեր քաղեցինք «Արաբական գարուն»-էն, եւ արաբական աշխարհը արդէն իսկ պառակտուած վիճակի մէջ է: Կը մնայ յուսալ, որ արաբական իշխանութիւնները եւս դասեր քաղեցին Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Լիպիայէն: Երիտասարդութիւնը իր պահանջը դրաւ, եւ այսօր Ալճերիոյ իշխանութիւնը քննութեան առջեւ է:

Yeghia.tash@gmail.com