Պոլսոյ Մէջ Վերջին Հրաժեշտը Տուին Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Սփիւռք

Մարտ 17-ին, Պոլսոյ Քումքափը թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ, հայ համայնքը վերջին հրաժեշտ տուաւ Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին։ Ան վախճանած էր Մարտ 8-ին, հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով CNN Turk-ը։

Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան բազմաթիւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս՝ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմը, Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիքը, ընդդիմադիր քեմալական «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութենէն (ԺՀԿ-CHP) Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Էքրեմ Իմամօղլուն եւ այլք։

Մասնակցեցան նաեւ ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ մեթրոփոլիդ Եուսուֆ Չեթինը, ինչպէս նաեւ Էջմիածինէն, Լիբանանէն, Երուսաղէմէն, Վատիկանէն ժամանած հայ հոգեւորականները։ 4 ժամ տեւած յուղարկաւորութեան արարողութիւնը ղեկավարեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան։ Մութաֆեանը հողին յանձնուեցաւ Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած աշխատանքները պիտի մեկնարկեն Սուրբ Զատիկէն ետք, քանի որ այդքան օր սուգ յայտարարուած է Մութաֆեանի մահուան առիթով։