Պատրիարքը Գնաց, Հապա Մենք Կա՞նք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Բագրատ Էսդուգեան

Բոլորս տեղեակ էինք Մեսրոպ պատրիարքը մեզմէ խլող հիւանդութեան բնոյթէն: Նոյնիսկ «Մենք հոգեւորականներս հրաշքներու կը հաւատանք» ըսողներն ալ գիտէին, թէ այս գործընթացը դէպի ուր պիտի հասնի: Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, շատ ծանր կը տանինք Մեսրոպ պատրիարքի վախճանման իրողութիւնը: Ո՞ր գործօնն է, որ այս կորուստը այսքան անտանելի կը դարձնէ բոլորիս համար: Թերեւս այն փաստացի իրողութիւնը, թէ շատ բարձր էր մեր ակնկալութիւնները իրմէ: Որպէս ժողովուրդ միշտ տուժած ըլլալով, միշտ միջակով բաւարարուելու հոգեբանութեամբ լեցուն էինք, երբ ծանօթացանք Մեսրոպ հայր սուրբին հետ: Իր կերպարին մէջ, բացի լաւ պատրաստուած հոգեւորականէն, տեսանք նոյնպէս լաւ պատրաստուած, աշխարհի անցուդարձերէն քաջաբար տեղեակ, այդ բոլորին մասին միտքեր ածելու կարողութիւն ունեցող մտաւորական մը: Այս բոլորը կը գերազանցէին իր վարդապետի յատկութիւնը: Ան վարդապետ էր բառին բուն եւ իսկական իմաստով: Որպէս վարդապետ յաջողեցաւ իր շուրջ հաւաքել պատանիներու բազմաթիւ խումբեր, որոնք հոգեւորի կողքին ազգային գիտակցութեան կարեւոր կուտակում ունեցան:

Հայր սուրբը առաջին օրէն սկսեալ վայելեց պոլսահայերուն համար մոգական երեւոյթ մը հանդիսացող Շնորհք պատրիարքին հոգածութիւնը: Պատրիարքը իր մօտ տեսած էր ապագայ հովուապետի տիպարը եւ ամէն ինչով աջակցած էր այդ տիպարի կազմութեան համար: Իսկ երիտասարդ վարդապետը ինքզինք կը կոչէր «վանական», իսկ պատրիարք սրբազանը «հոգեւոր հայր»:

Հոգեւորական ըլլալով՝ բաժնուած էր իր ընտանեկան յարկէն եւ բնակութիւն հաստատած պատրիարքարանին մէջ: «Պատրիարքարանը իմ վանքն է, իսկ ես այդ վանքի վանականը», կ՛ըսէր յաճախ:

Անշուշտ մեղադրելի չեն բոլոր այն հոգեւորականները, որոնք նոյն պատրիարքարանը կը դիտէին որպէս աշխատատեղի կամ գրասենեակ: Կը յարգէին աշխատանքի սկզբման ժամը, եւ աշխատանքային օրուան աւարտին կը փութային իրենց բնակարանները: Ձեւով մը աւարտած կը համարէին աշխատանքային օրը: Իսկ Մեսրոպ սրբազանի համար նման հասկացողութիւն մը գոյութիւն չունէր: Ան ամբողջ էութեամբ կը պատկանէր եկեղեցւոյ, որ միաժամանակ կը նշանակէ ժողովուրդ: Իրեն համար ի զօրու չէին աշխատանքային ժամերու սահմանումը: Մանաւանդ Շնորհք պատրիարքի շրջանին, երբ բաց էր այդ կառոյցի դռները ամբողջ պոլսահայութեան դիմաց:

Որքան որ համատարած ուրախութիւն էր պոլսահայութեան համար Մեսրոպ վարդապետի եպիսկոպոսական կոչում ստանալը Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նոյնքան հակազդեցութիւն յառաջացուցած էր իր պատրիարքական աթոռի թեկնածութիւնը: Անսպասելի կերպով ձեւաւորուած էր դիմադրական ճակատ մը, որ ամէն գինով կը պայքարէր երիտասարդ եպիսկոպոսի պատրիարք ընտրութիւնը խաթարելու: Գոյացած էր տարօրինակ ընտրարշաւ մը, որ չէր խուսափեր նոյնիսկ անպատշաճ քարոզչութիւններէ:

Մեսրոպ սրբազան սակայն քաղեց իր երկարատեւ բարի աշխատանքին պտուղը եւ արժանացաւ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան համակրանքին:

Այսօր, երբ հրաժեշտ կու տանք սիրելի պատրիարքին, կսկիծով կը նկատենք, թէ որպէս պոլսահայութիւն՝ հրաժեշտ կու տանք նաեւ հայ ժողովուրդին, հայ ազգին մասնիկը ըլլալու երեւոյթին, քանի որ իր բացակայութեան երկար տարիներուն ընթացքին կորսնցուցինք այդ յատկութիւնը, խաղալիքը դառնալով փոքրաթիւ փաղանգի մը, որոնց գլխաւոր նպատակը մնաց ժողովուրդին կենսունակութիւնը չէզոքացնելը: Յուսանք վաղը աւելի լաւ ըլլայ բոլորիս համար:

 

pakrates@yahoo.com