ԵԽ-ի Մէջ Ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւնները Առկախելու Մասին Զեկոյցը
Մարտ 13-ին Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան դրուած է Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյցը, որով կոչ կ՛ուղղուի առկախել Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ ընթացող բանակցութիւնները Անգարայի եւրոպական համարկումի հարցով:
Զեկոյցը կազմած էր Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Թուրքիոյ գծով զեկուցող Քեթի Փիրին: Զեկոյցին կողմ քուէարկած է 370 պատգամաւոր, իսկ 109-ը` դէմ, 143 պատգամաւոր ձեռնպահ մնացած է:
Ըստ աղբիւրին` զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին ոտնահարուիլ մարդու իրաւունքները:
Զեկոյցին արդէն արձագանգած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) խօսնակ Օմեր Չելիքը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Վոլքան Պոզքըրը: Վերջինս մասնաւորապէս ըսած է.
«Զեկոյցը, ուր առկայ են անհիմն պնդումներ, ընդունուեցաւ ԵԽ-ի կողմէ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մեր երկրի դէմ ԵԽ-ի կողմնակալ դիրքորոշումը շարունակական բնոյթ կը կրէ»:
ԱԶԿ-ի խօսնակն ալ ԵԽ-ի ընդունած զեկոյցը անուանած է «անարժէք, իրաւական ուժ չունեցող եւ հեղինակութիւն չունեցող որոշում»:
