Մեր Պարտքը՝ Բանակին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ասպարէզ»

Հայրենիք եւ բանակ նոյնացած են այստեղ: Սփիւռքահայերս մասնակից չենք Հայոց Բանակի պահպանման սրբազան գործին, չենք ծառայեր բանակին մէջ իբրեւ զինուոր, չծառայելու տուգանք չենք վճառեր Հայաստանի պետութեան, որեւէ օրինական պարտաւորութիւն չունինք հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան կամ պաշտպաններուն հոգածութիւն ցոյց տալու գործին նկատմամբ:

Մեր մխիթարութիւնը Հայաստանին անուղղակիօրէն նեցուկ կանգնելու աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուիլը կրնայ ըլլալ՝ տնտեսութեան մէջ ներդրում կատարելով, ներդնողները քաջալերելով, Հայաստան Հիմնադրամին գումար նուիրելով:

Սովորական, խաղաղ պայմաններու մէջ եթէ ըլլար մեր երկիրը, այս բոլորը հասկնալի կը դառնային ու նոյնիսկ բաւարար: Սակայն մեր երկիրը մշտապէս, ամէն վայրկեան պատերազմի մէջ մխրճուելու վտանգը կը դիմագրաւէ եւ անուղղակի օգնութիւններով հոգեկան բաւարարութիւն գտնել չի կրնար ոեւէ հայրենասէր սփիւռքահայ: Դժբախտաբար, այս հարցը կ՛արծարծենք միայն ամէն անգամ, երբ պատերազմի լուրջ կարելիութիւն կ՛ուրուագծուի հորիզոնին վրայ: Հազիւ այդ վտանգը քիչ մը հեռանայ, կը մոռնանք խնդիրը եւ կը թաղուինք մեր առօրեայ մտահոգութիւններուն մէջ:

Որո՞ւն պարտականութիւնն է այս հարցին հետապնդումը, անոր գործնական լուծում տալու պարտաւորութիւնը: Հայաստանի կառավարութեա՞ն, Սփիւռքի ազգային կառոյցներո՞ւն:

Բանակին համազգային հոգածութեան բանաձեւը պէտք է գտնուի: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ պէտք է գիտնայ թէ իրմէ ի՛նչ կ՛ակնկալուի եւ ինչպէ՛ս այդ ակնկալուածը կրնայ տեղ հասցնել: Այդ ակնկալութիւնը պէտք է սահմանուի՝ ըստ իւրաքանչիւրի կարողութեան:

Հասկնալի է, որ այս պարտաւորութիւնը բարոյական է, բայց այնքան ուժեղ է անոր հիմքերը, որ աւելի ազդեցիկ կրնայ ըլլալ՝ քան օրէնքով սահմանուածը: