Արցախեան Հիմնահարցի Լուծումը Պէտք է Փնտռել Ինքնորոշման Իրաւունքի Յարգանքի Հիման Վրայ. Արմէն Սարգսեան

Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած ենք տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Երեւանի մէջ Վրաստանի նախագահի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Արմէն Սարգսեան:

«Համակարծիք էինք, որ հիմնահարցերը եւ հակամարտութիւնները նոյնական չեն, հետեւաբար նոյնական չեն նաեւ անոնց կարգաւորման հիմքերը: Իմ անձնական համոզումով` լուծումները պէտք է փնտռել բացառապէս խաղաղ ճանապարհով` միջազգային իրաւունքի եւ օրէնքներու, իսկ Արցախի պարագային` ինքնորոշման իրաւունքի յարգանքի հիման վրայ»,- ըսած ՀՀ նախագահը:

Արմէն Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան մշտապէս շահագրգռուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորմամբ եւ պահպանմամբ:

Վրաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սալոմէ Զուրապիշուիլի համար տարածաշրջանին մէջ առկայ բոլոր հակամարտութիւններու լուծման միակ ուղին խաղաղ ճանապարհն է։

«Մենք կ՛ապրինք տարածաշրջանի մը մէջ, որուն համար վճռական է կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը, որոնք պարտադիր նախապայման են մեր երկու երկիրներու տնտեսութեան զարգացման ու տնտեսական համագործակցութեան խորացման համար: Բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան մեր տարածաշրջանին մէջ, որոնց լուծման ուղին խաղաղ ճանապարհն է` հիմնուած միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն վրայ: Այդ ամէնը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու շնորհիւ»,- ըսած է Զուրապիշուիլի:

Վրաստանի նախագահը նշած է, որ իրենց երկրի համար կարեւոր է Վրաստանի մէջ հայերու ու ատրպէյճանցիներու խաղաղ գոյակցումը:

«Վրաստանի համար կարեւոր է, որ Վրաստանի տարածք չտեղափոխուի տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւնը: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ Վրաստանի մէջ ապրող` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի քաղաքացիները խաղաղ ըլլան ու համարկուած մեր երկրի մշակոյթին մէջ: Որպէս նախագահ` պարտաւոր եմ այնպէս ընել, որ անոնք լիարժէք մասնակից դառնան Վրաստանի տնտեսական ու մշակութային զարգացման»,- նշած է նախագահը:

Վրաստանի Հանրապետութեան նախագահը Հայաստան ժամանած է պաշտօնական այցով: