Տոքթ. Փրոֆ. Յակոբ Գրգեաշարեան՝ Օքսֆորտի «2019-ի Տարուան Լաւագոյն Անձ»

Սփիւռք

Սան Ֆրանսիսքոյէն, «Ասպարէզ»-ի աշխատակից դոկտ. Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան կը տեղեկացնէ, որ փարիզաբնակ 91-ամեայ տոքթ. փրոֆ. Յակոբ Գրգեաշարեան Միջազգային գիտութիւններու Օքսֆորտի Գիտական ցանցին կողմէ ճանչցուած է «2019-ի Տարուան Լաւագոյն Անձ»՝ արհեստագիտութեան, բժշկագիտութեան, վիրահատութեան, բժշկութեան զարգացման ասպարէզին մէջ մարդկային կեանքի պահպանման իր գիտական եւ մասնագիտական ներդրումին համար:

Փրոֆ. Գրգեաշարեան իր բժշկական եւ մարդասիրական օգնութեան միջազգային գործունէութեան հետ միատեղ, նաեւ Ֆրանսայի «Արարատ» Միազգային գիտութիւններու ակադեմիոյ հիմնադիր նախագահն է:

«Հայ ազգին պատիւ է գիտութեան եւ ազգին նուիրեալ այսպիսի անձի ե՛ւ գոյութիւնը, ե՛ւ այս կոչումին արժանանալը: Բազում շնորհաւորանքներ, յարգարժան պրոֆեսորին», կը յայտնէ դոկտ. Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան: