ՀՀ Դրամատուները Կ՛աջակցին Արցախի Ուսումնական Հաստատութիւններուն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան առեւտրային դրամատուներու կողմէ պարբերաբար իրականացուող բարեգործական ծրագիրերէն հերթականը ուղղուած է Արցախի Հանրապետութեան ուսումնական հաստատութիւններու տեխնիկական համալրման:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի դրամատուներու միութեան հանրային կապերու ծառայութիւնը,  Հայաստանի դրամատուներու միութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամակրթութեան նախարարութեան համագործակցութեան արդիւնքով ձեւաւորուած է ուսումնական հաստատութիւններու համար անհրաժեշտ համակարգիչներու պահանջարկը, որուն յաջորդած է ՀՀ դրամատուներու կողմէ համապատասխան պարագաներու տրամադրման գործընթացը:

Ըստ նախնական պահանջարկի՝ համակարգիչներու կարիք ունեցած են Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի, Ասկերանի, Հադրութի, Շուշիի, Մարտակերտի, Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու աւելի քան 40 դպրոցներ:

Արցախի Հանրապետութեան կրթօջախներու զարգացման ու աշակերտներու համակարգչային գրագիտութեան բարձրացման նպաստող ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող այս նախաձեռնութեան մասնակցած 13 դրամատուներու կողմէ տրամադրուած են աւելի քան 100 համակարգիչներ ու պաստառներ, շուրջ 2 տասնեակ տպիչներ, ինչպէս նաեւ արտածիչներ (projector) ու այլ յարակից սարքաւորումներ:

Հարկ է նշել, որ ՀՀ դրամատուները Արցախի դպրոցներուն պահանջարկեն աւելի համակարգիչներ տրամադրած են, որ լիովին պիտի բաւարարէ դպրոցներու մէջ համակարգչային դասընթացներու պատշաճ ու լիարժէք կազմակերպման:

Աւելցնենք, որ առեւտրային դրամատուներու կողմէ տրամադրուած սարքերը Մարտ 7-ին արդէն իսկ փոխանցուած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան` համապատասխան դպրոցներուն յատկացնելու նպատակով, իսկ շարք մը դրամատուներ իրենց նուիրատուութիւնները ուղղակիօրէն առաքած են Արցախի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններ: