ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Հելլէն Խորհրդարանի Պատգամաւոր եւ Նախկին Նախարար Օլղա Քեֆալոեանիի Հետ

Աշխարհ, Սփիւռք

Շարունակելով հանդիպումներու իր շարքը, հելլէն քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներու հետ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը, իր գրասենեակէն ներս տեսակցութիւն ունեցաւ հելլէն խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Զբօսաշրջութեան նախկին նախարար տիկին Օլղա Քեֆալոեանիի հետ, Չորեքշաբթի 6 Մարտ 2019-ի երեկոյեան։

Տիկին Քեֆալոյեանի, հինէն ծանօթ ըլլալով յունահայ գաղութի իրավիճակին ու կառուցուածքին՝ իր ազգային, քաղաքական, կրթական ու հասարակական բոլոր մարզերով, լուսարձակի տակ առաւ ներկայ ժամանակներուն դիմագրաւուած հարցերը՝ մեր գաղութի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Յունաստանի հասարակաց հարցերու կապակցութեամբ։ Զրոյցի առարկայ դարձան հայութեան պահանջքներուն ու առաջնահերթութիւններուն կապուած խնդիրներ։

Տիկին Քեֆալոեանի իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց օգտակար հանդիսանալու Հայ Դատի հետապնդման բազմերես ու բազմատեսակ աշխատանքներու ծիրէն ներս տարուող ճիգերուն, ինչպէս եւ մեր գաղութի առընչուած հարցերուն, գործնական ու կառուցողական ձեւով։

Ծաւալուն խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ Արցախի հիմնահարցի զարգացումներուն շուրջ, քննարկելով ներկայ հանգրուանին առընչուած եղելութիւններ ու ապագայ հեռանկարներ։