Բանակցութիւններու Ձեւաչափը Փոխելու Փաշինեանի Ձգտումը «Պիտի Ոչնչացնէ Մինսկի Խմբակը». Պաքու

Աշխարհ, Հայաստան

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու ձեւաչափը փոխելու՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «փափաքը պէտք է դիտուի՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի, յատկապէս՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համանախագահներու գործունէութեան ոչնչացում»:

Civilnet.am-ի տեղեկութիւններով՝ Պաքուի այս մեկնաբանութիւնը հրապարակուեցաւ Պրիւքսէլի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած մէկ յայտարարութենէն ետք։ «Մեր դիրքորոշումը չի փոխուել՝ հարցի արդիւնաւէտ կարգաւորման համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ ֆորմատ (ձեւաչափ) ստեղծել, որու նպատակը բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնն ապահովելն է»,- ըսած էր ան:

«Բանակցութիւնները կ՛ընթանան այն ձեւաչափով, որ հաստատուած է 1992-ին, Հելսինքիի մէջ, ԵԱՀԿի նախարարներու խորհուրդին կողմէ: Առանց ԵԱՀԿ-ի երկիրներու համախոհութեան կարելի չէ փոխել այդ ձեւաչափը: Այդ որոշումին համաձայն՝ հակամարտութեան կողմեր են Հայաստան եւ Ատրպէյճան, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական եւ ատրպէյճանական համայնքները՝ շահագրգիռ կողմեր են», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ: