Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Բողոքագիր Յղած Է Ռուսիոյ Դեսպանին` «Լազարեան Ակումբ»-ին Մէջ Արցախցի Նախարարի Մասնակցութեան Համար

Աշխարհ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ ընդունած է Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքովը: Ըստ ատրպէյճանական Trend News-ի՝ արտաքին գործոց նախարարը նախ նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը կրեն ռազմավարական բնոյթ` ընդգծելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն դերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին գծով: Ան բողոք յայտնած է, որ Ռուսիոյ  պաշտօնատար անձեր մասնակցած են ռուս-հայկական «Լազարեան» ակումբի նիստի աշխատանքներուն, քանի որ անոր մասնակցած է նաեւ արցախցի պատգամաւոր մը: Ըստ Մամետեարովի, նման բնոյթի իրադարձութիւններ կրնան վնասել ռուս-ատրպէյճանական բարեկամական յարաբերութիւնները: