ԼՂ Հակամարտութեան Հետ Կապուած Իրանի Քաղաքականութիւնը կը Շարունակէ Մնալ Անփոփոխ. Իրանի ԱԳՆ Խօսնակ

Աշխարհ, Հայաստան

Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Պահրամ Ղասէմի, անգամ մը եւս շեշտած է, որ ԼՂ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով եւ միջազգային օրէնքներու սահմաններուն մէջ։ Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, կը տեղեկացնէ ԻՌՆԱ-ն:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները չազդուին ԼՂ հակամարտութենէն»,- նշած է Իրանի ԱԳՆ մամուլի խօսնակը:

Անդրադառնալով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինկանի Թեհրան այցին` Ղասէմի ըսած է. «Ինչպէս բազմիցս նշած եմ` հարեւան երկիրներու հետ կապուած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը պարզ ու յստակ է. հարեւանները մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն են: Հարեւան իւրաքանչիւր երկրի հետ մեր յարաբերութիւնները ուղղուած չեն միւս հարեւանի կամ երրորդ կողմի դէմ»:

Ըստ անոր՝ ՀՀ վարչապետի Թեհրան այցը եւս պէտք է դիտարկել այդ քաղաքականութեան տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ:

«Իրանը Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ մեր միւս հարեւան երկիրներու կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ տնտեսական զարգացումը կը դիտարկէ իբրեւ աշխարհի այս զգայուն տարածաշրջանի զարգացման բաղադրիչը: Անկասկած, մեր ցանկութիւնը հարեւան երկիրներու միջեւ առկայ խնդիրներու կարգաւորումն է: ԼՂ հակամարտութեան հետ կապուած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակէ մնալ պարզ, յստակ եւ անփոփոխ: Կը հաւատանք, որ այս խնդիրը, որ կրնայ մեր հարեւան երկիրներուն մօտ որոշ մտավախութիւններու պատճառ դառնալ, պէտք է կարգաւորուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով եւ միջազգային օրէնքներու սահմանին մէջ»,- ըսած է Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով. «Այնպէս, ինչպէս նախապէս, Իրանը, այսօր եւս, պատրաստ է նպաստելու հարեւան երկու երկիրներուն, հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման համար»:

Ղասէմի տրամաբանական համարած է «Արարատ» մարզաւանին մէջ թեհարանահայութեան հետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը. «Անտրամաբանական ոչինչ կը տեսնեմ «Արարատ» ակումբէն ներս ՀՀ վարչապետի եւ Իրանի քաղաքացի իր ազգակիցներու հանդիպման մէջ»,- աւելցուցած է ան: