Տիարպեքիրի Մէջ 800 Տարուան Վաղեմութիւն Ունեցող Եբրայերէն Գիրք Յայտնաբերած են
Այժմեան Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքին մէջ, խումբ մը անձերէ առգրաւուած է 800 տարուան վաղեմութիւն ունեցող կրօնական թեմայով եբրայերէն գիրք մը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadolu լրատուականը։
Տիարպեքիրի նահանգապետարանին կողմէ եղած յայտարարութեան համաձայն՝ այս գործով ձերբակալուած է 4 հոգի, որոնք փորձած են վաճառել գիրքը:
22 էջէ բաղկացած կաշիէ կազմով գիրքի էջերուն պատկերուած են Յիսուս Քրիստոսն ու Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը:
![]()

