Նիկոլ Փաշինեան Պետութեան Անունով Ներողութիւն Խնդրեց 2008 Մարտ 1-ի Բոլոր Զոհերէն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ մը յղած է 2008 Մարտ 1-ի դէպքերուն առնջութեամբ: Իր ուղերձին մէջ, ՀՀ վարչապետը կ՝ընդգծէ, որ այդ իրադարձութիւններէն 11 տարի անց՝ չափազանց կարեւոր է քաղաքական գնահատական տալ տեղի ունեցածին: ՀՀ վարչապետը արձանագրած է, որ 2008 թուականին իշխող վերնախաւի գործողութիւնները ամենեւին ուղղուած չէին առանձին վերցուած ուժի, խումբի, անհատի դէմ, այդ բռնութիւններու եւ ապօրինութիւններու հիմնական եւ թերեւս միակ թիրախը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին էր. անոր իրաւունքը, անոր արժանապատւութիւնն ու ազատութիւնը: ՀՀ վարչապետը պետութեան անունով ներողութիւն խնդրած է 2008 Մարտ 1-ի բոլոր զոհերէն, անկախութենէն ի վեր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր քաղաքական սպանութիւններու զոհերէն, քաղաքական հետապնդման ենթարկուած բոլոր քաղաքացիներէն ու քաղաքական ուժերէն:

ՀՀ վարչապետի ուղերձը ամբողջութեամբ.

«Սիրելի ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,

Սփիւռքի հպարտ հայութիւն,

ուղիղ 11 տարի առաջ, այս օրը՝ 2008 թուականի Մարտի 1-ին, Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնը արիւն հեղեց:

Օրուան իշխանութիւնը ապօրինի ուժ կիրառեց խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ, որուն հետեւանքով սպաննուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 8 քաղաքացի, եւս երկու հոգի մահացաւ աւելի ուշ՝ այդ օրը ստացած վէրքերէն:

Զոհերէն հինգը ստացած է հրազէնային վնասուածքներ, երեք հոգի զոհուած է «Չերեօմուխայ-7» յատուկ միջոցի կիրառումէն, մէկ հոգի բեկորային վնասուածքէ, մէկ հոգի՝ բութ գործիքի հարուածէն առաջացած վնասուածքէն:

Այդ իրադարձութիւններէն 11 տարի անց ահա, չափազանց կարեւոր է քաղաքական գնահատական տալ տեղի ունեցածին: Եւ հիմա հարկ կը համարեմ արձանագրելու, որ 2008 թուականին իշխող վերնախաւի գործողութիւնները ամենեւին ուղղուած չէին առանձին վերցուած ուժի, խումբի, անհատի դէմ, այդ բռնութիւններու եւ ապօրինութիւններու հիմնական եւ թերեւս միակ թիրախը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին էր. անոր իրաւունքը, անոր արժանապատւութիւնն ու ազատութիւնը:

Մարտ 1-ի զոհերը Գոռ Քլոյեանը, Արմէն Ֆարմանեանը, Տիգրան Խաչատրեանը, Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, Դաւիթ Պետրոսեանը, Զաքար Յովհաննիսեանը, Գրիգոր Գէորգեանը, Սամուէլ Յարութիւնեանը, Համլէտ Թադեւոսեանը, Տիգրան Աբգարեանը չեն միայն, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի, իր իրաւունքի համար պայքարող իւրաքանչիւր ցուցարար, որովհետեւ մարդասպանը՝ օրինակ, Դաւիթ Պետրոսեանի վրայ կրակելով չէ իմացած, որ ան յատկապէս Դաւիթ Պետրոսեանն է՝ ծնած 1974 թուականի Ապրիլ 16-ին, Երեւան քաղաքի մէջ:

Մարդասպանը չէ իմացած, որ կը կրակէ Դաւիթ Պետրոսեանի վրայ, բայց հաստատ իմացած է, որ կը կրակէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի վրայ: Հետեւաբար, Մարտ 1-ի զոհերէն իւրաքանչիւրի վրայ արձակուած կրակոցը մեզմէ իւրաքանչիւրի վրայ արձակուած կրակոց է:

2008 թուականի Մարտ 1-ը, սակայն, այդ օրը առաւօտեան ծագած երեւոյթ չէր պարզապէս, այլ երկար տարիներ Հայաստանն ու անոր ժողովուրդը կեղեքող ապօրինութիւններու, ընտրակեղծիքներու, քաղաքական սպանութիւններու, հետապնդումներու, ամենաթողութեան խտացած ժայթքում:

Անթոյլատրելի այդ երեւոյթները մեր կեանքին մէջ ցաւալիօրէն արագ արտայայտուեցան Երրորդ հանրապետութեան անկախութեան հռչակումէն ետք, երբ կը թուէր, թէ ժողովրդավարութիւնը յաղթած է անշրջելիօրէն:

Եւ վատ յիշողութիւններու բերումով, այսօր ալ յաճախ մտահոգութիւններ ու մտավախութիւններ կը հնչեն, թէ 2018 թուականին տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութենէն, ժողովրդավարութեան յաղթանակէն ետք, նոյնպէս, Հայաստանը հնարաւոր է իյնայ այն նոյն շրջափուլին մէջ, որուն մէջ ինկաւ անկախութիւն ստանալէն շատ չանցած:

Եւ այսօր՝ 2019 թուականի Մարտ 1-ին, կ՝ուզեմ յստակ արձանագրել, որ վերադարձ անցեալի բարքերուն ու յարաբերութիւններուն չի կրնար ըլլալ: Հայաստանը պիտի չի վերադառնաայ կաշառակերութեան, քաղաքական հետապնդումներու, քաղաքական բռնութիւններու, իրաւունքներու արհամարհման ու ոտնահարման, ամենաթողութեան ու լկտիութեան ժամանակներուն:

Նաեւ արձանագրելու համար մեր համընդհանուր հաւատարմութիւնը 2018 թուականի գարնան տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան արժէքներուն, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավար՝ պետութեան անունով ներողութիւն կը խնդրեմ 2008 Մարտ 1-ի բոլոր զոհերէն, անկախութենէն ի վեր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր քաղաքական սպանութիւններու զոհերէն, քաղաքական հետապնդման ենթարկուած բոլոր քաղաքացիներէն ու քաղաքական ուժերէն:

Ներողութիւն կը խնդրեմ նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր ընտրակեղծիքներուն, իշխանութեան վերնախաւին կողմէ կազմակերպուած եւ համակարգուած ապօրինութիւններուն, կաշառակերութեան, քաղաքական սպանութիւններուն համար՝ արձանագրելով, որ բռնութիւնով հարցեր լուծելու էջը փակուած է Հայաստանի մէջ, եւ այսպէս կ՝ընկալեմ քաղաքացիներու կողմէ մեզի տրուած վստահութեան քուէն:

Հայաստանը իրաւունքի ու արդարութեան, ճշմարտութեան ու արժէքներու երկիր դարձնելն է մեր համատեղ առաքելութիւնը, եւ այդ առաքելութենէն մենք պիտի չի շեղինք ոչ մէկ միլիմեթր:

Ասիկա չի նշանակեր, թէ այսօրուան Հայաստանի մէջ այլեւս չկան ապօրինութիւններու, իրաւունքներու ոտնահարման, նոյնիսկ կաշառքի ու բռնութեան դէպքեր: Նման դէպքեր, ցաւօք սրտի, դեռ կան, կրնան ըլլալ: Բայց իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է հարիւր տոկոսով վստահ ըլլայ, որ կառավարութիւնը, վարչապետը որեւէ ապօրինութեան ոչ թէ հովանաւորն է ու համակարգողը, այլ՝ հակառակորդը ու հակոտնեան:

Ապօրինութիւններու, իրաւունքներու ոտնահարումներու, չարաշահումներու դէմ պայքարին մէջ, իշխանութեան վերնախաւին կողմէ թոյլ տրուած յանցագործութիւններու բացայայտման գործին մէջ մենք պիտի յաղթենք անխուսափելիօրէն, որովհետեւ ժողովուրդը եւ կառավարութիւնը միասնական են, իսկ այսպիսի միասնութիւնը անպարտելի է ու աներեր:

Եւ արտայայտելու համար մեր այս իսկ միասնութիւնը, մեր համատեղ նուիրուածութիւնը արդարութեան, օրինականութեան, ժողովրդավարութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան, այսօր՝ ժամը 18.30-ին բոլորդ կը հրաւիրեմ Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն երթ իրականացնելու դէպի Միասնիկեանի արձան: Մենք այս քայլերթով մեր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցենք Մարտ 1-ի, քաղաքական բոլոր սպանութիւններու զոհերուն եւ մեր վճռական ոչը պիտի ըսենք բռնութիւններուն, անարդարութեան, ապօրինութիւններուն, կաշառակերութեան, ընտրակեղծիքներուն, իրաւունքներու ոտնահարման:

Եւ ուրեմն՝ կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը, կեցցե՛նք մենք եւ մեր երեխաները, որ կ՝ապրինք եւ պիտի ապրինք Ազատ եւ Երջանիկ Հայաստանի մէջ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր գարուն է: Այս գարունը դուք բերած էք Հայաստան»: