ՀՀ Ներկայացուցիչը Արձագանգած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու Յայտարարութիւններուն (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Փետրուար 28-ին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 40-րդ նիստը, որուն ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչը հանդէս եկաւ ելոյթով՝ արձագանգելով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութիւններուն: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ ՀՀ ներկայացուցիչը իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարի յայտարարութեան դրդապատճառը անբաւարարուածութեան բարդոյթն էր՝ համակցուած իր երկիրը իբրեւ տարածաշրջանային ուժ ներկայացնելու յամառ ցանկութեամբ: Նշուեցաւ, որ Թուրքիան հեռու է ժողովրդավարական սկզբունքներով կառավարուելէն եւ ամենավերջին երկիրն է աշխարհի վրայ, որ իրաւասու է խօսելու մարդու իրաւունքներու ոտնահարման մասին, քանզի հազարաւոր լրագրողներ, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ եւ ցուցարարներ, ակադեմիայի ներկայացուցիչներ եւ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան ընդիմախօսներ կը գտնուին բանտի մէջ կամ աքսորուած են:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան՝ շեշտուեցաւ, որ եթէ Ատրպէյճանը անկեղծ է տարածաշրջանին մէջ ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն հաստատելու իր նպատակներուն մէջ, ուրեմն սեփական կեղծուած պատմութիւնը, այսպէս կոչուած` «Խոջալուի իրադարձութիւնները» ներկայացնելու փոխարէն, պէտք է անդրադառնար Սումգայիթի մէջ հայերու կոտորածներուն, որոնք ազդարարեցին Պաքուի, Գանձակի (Կիրովաբադ), ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուող հայերու ջարդերուն եւ ցեղական զտումներուն սկիզբը: Կեղծ զոհերու չափազանց եւ արհեստական ուռճացումը լաւագոյն միջոց չի ծառայեր ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու համար: Ելոյթի աւարտին ընդգծուեցաւ, որ աւանդական հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնելու փոխարէն՝ Ատրպէյճանը պէտք է ջանքեր չխնայէ պահպանելու համընդհանուր մարդու իրաւունքները, ինչպէս՝ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, որուն դէմ ան ուժով կը պայքարի իր կազմաւորման օրէն ի վեր:

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Հայաստանի ներկայացուցիչը նշեց, որ թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Ատրպէյճանը նախքան ամպիոնի մօտ մարդու իրաւունքներու մասին խօսիլը, պէտք է առնուազն նուազագոյն ջանքեր գործադրեն՝ բարելաւելու այդ ոլորտէն ներս իրենց մտահոգիչ պատկերը։