Ռումանիոյ Խորհրդարանի Հայ Պատգամաւորները Յայտարարութիւն Տարածած են Սումգայիթի Ջարդերուն Վերաբերեալ

Սփիւռք

Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ ազգութեամբ հայ պատգամաւորներ Վարուժան Ոսկանեան, Վարուժան Փամբուկչեան ու Լուչիան Սիմոն 31 տարի առաջ Սումգայիթի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած սպանդի վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած են: Այս մասին կը յայտնէ Ռումանիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջը:

«31 տարի անցած է ողբերգական իրադարձութիւններէն, որոնք տեղի ունեցան Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ, ուր շուրջ կէս միլիոն հայ  կ՛ապրէր: Հայկական բնակչութեան նկատմամբ ջարդը իրականացուեցաւ երեք խոշոր քաղաքներու` Սումգայիթի, Կիրովապատի եւ մայրաքաղաք Պաքուի մէջ»,-նշած են անոնք` յիշեցնելով, որ 70 տարի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան բռնակցուած ըլլալէն ետք Արցախի ժողովուրդը որոշած էր խաղաղ ու օրինական ճանապարհով արտայայտել իր ազատ ապրելու ու ինքնորոշման կամքը:

«Կարեւոր է, որ այս պահուն միջազգային հանրութիւնը հասկնայ Սումգայիթի մէջ տեղի ունեցածին իսկութիւնը, որպէսզի յանգի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, քանի որ հակահայկական քարոզչութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր: Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, ինչպէս առաջ, պարբերաբար կը խախտէ հրադադարը եւ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգներ առաջ կը բերէ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: