ԼՂ Հարցի Կարգաւորման Սկզբունքները` «Լաւրովի Ծրագիր» Կոչուող Փաստաթուղթին Մէջ են

Աշխարհ, Հայաստան

Ստեղծուած նոր իրավիճակին մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման նոր հնարաւորութիւններ կը բացուին, «Ամերիկայի Ձայն»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկեան նախկին համանախագահ, ներկայիս ռուսաստանեան իրաւաբանական ընկերութեան աշխատակից դեսպան Ճէյմս Ուորլիք:

«Կարծես թէ, նախագահ Ալիեւ կ՛ընդունի, որ նոր հնարաւորութիւններ բացուած են: Հաւատացած եմ, այս պայմաններուն մէջ համանախագահները կ՛աշխատին երկու պետութիւններու ղեկավարներուն միջեւ պաշտօնական գագաթնաժողով կազմակերպելու ուղղութեամբ»,-ըսած է Ուորլիք:

Պաշտօնաթող դեսպանը, որ այժմ Ուաշինկթընի մէջ կը ներկայացնէ Վլատիմիր Փութինի դասընկերոջ` Նիքոլայ Եկորովի կողմէ հիմնադրուած «Եկորով, Փուկինսկի, Աֆանասյեւ եւ գործընկերներ» ռուսական խոշորագոյն իրաւաբանական ընկերութիւնը, կ՛ընդգծէ, որ չի կիսեր այն կարծիքը, թէ Մոսկուան հետաքրքրուած չէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմամբ:

«Երէք տարի համանախագահ աշխատելով ես ատոր որեւէ ապացոյց չեմ տեսած: Ընդհակառակը, աշխատած եմ Ռուսիոյ կառավարութեան հետ, տեսած եմ անոնց հետաքրքրութիւնը կարգաւորման գործին մէջ: Եւ ըսեմ, որ ատիկա տրամաբանական է. Ռուսիան ունի բազմաթիւ այլ խնդիրներ աշխարհի վրայ եւ չէր ցանկար, որ իր սահմաններուն, իր աւանդական բարեկամներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը սրուեր»,-ըսած է ան:

Յիշեցնենք, աւելի առաջ Մինսկի Խումբի ԱՄՆ նախկին այլ ներկայացուցիչ, պաշտօնաթող դեսպան Ռիչըրտ Հոգլընտ ըսած էր, որ Ռուսիոյ մէջ կան շրջանակներ, որոնք հետաքրքրուած չեն ղարաբաղեան խնդրի լիարժէք կարգաւորման մէջ, քանի որ ատոր արդիւնքով Քրեմլը պիտի զրկուի Երեւանի եւ Պաքուի վրայ ազդեցութիւն գործադրելու կարեւոր լծակէն:

Դեսպան Ուորլիքի խօսքով, ժամանակի ընթացքին ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ոչ թէ կը սառի այլ կը դառնայ  աւելի վտանգաւոր: Ուստի, անհրաժեշտ է այն կարգաւորել եւ, իր իսկ խօսքերով, օր առաջ ազատուիլ երկիրներու ապագան մշուշող ամպերէն:

«Իսկ ձե՞ր կարծիքով, հայերու եւս մէկ սերունդ կը ցանկայ ապրիլ այս ամպի տակ: Անշուշտ` ոչ: Նոյնը կը վերաբերի ատրպէյճանցիներուն` արդեօք կը կարծէ՞ք Ատրպէյճանի ժողովուրդը կը ցանկայ այս խնդիրը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Անշուշտ` ոչ»,-կ՛ըսէ նախկին համանախագահ Ուորլիք:

Հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքները Ճէյմս Ուորլիքի խօսքով հիմնականօրէն անփոփոխ են եւ լաւ յայտնի: Այժմ ատոնք ընդգրկուած են «Լաւրովի ծրագիր» կոչուող յայտնի փաստաթուղթին մէջ, որ, սակայն, դեսպան Ուորլիք կը նախընտրէ զայն չանուանել Սերգէյ Լաւրովի անունով:

«Այդ սկզբունքները պետական գաղտնիք չեն: Կարգաւորման ուրուագիծերը քննարկուած են տարիներ շարունակ եւ կողմերէն կը պահանջուին համարձակ քայլեր` առաջ շարժելու համար»,-կ՛ըսէ Ուորլիք: