Աւարայրի Խորհուրդով՝ Վասն Արցախի Յաղթանակի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա.Ա.

Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը մեծապէս ազդուած է առաւելաբար իր հայրենիքին աշխարհագրական դիրքէն։հայաստան լեռնաշխարհը, իբրեւ բնական ամրութիւններու շղթայ մը, մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մնաց դրացի պետութիւններու մնայուն ուշադրութեան առարկան, որովհետեւ հաւասարապէս ունէր թէ՛ պաշտպանական, եւ թէ՛ յարձակողական մարտավարութիւններու բնական ամրութիւնները։

Այն օրէն ի վեր երբ Հայկական լեռնաշխարհին վրայ կը ձեւաւորուէր հայկական թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը, սահմանակից պետութիւնները Հայաստանը վերածեցին կռուախնձորի եւ ջանացին ամէն գնով տիրապետել մեր երկրին։

Մեր հայրենիքին պատմութիւնն ու ճակատագիրը այսպէս եղած է։Ըլլալ կռուախնձոր՝ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի, շուրջ երկու հարիւր յիսուն տարի Հռովմի եւ Պարթեւաստանի, ապա հարիւր յիսուն տարի Հռովմի եւ Պարսկաստանի միջեւ։

Եւ ահա 451 թուական։ Ապստամբութիւն՝ Պարսկաստանի Յազկերտ երկրորդ արքային դէմ, որուն յանձնակատարը Հայաստան կու գար եւ կը դիմէր կարգ մը քայլերու, որոնք խորքին մէջ կը հետապնդէին վերջնականապէս Պարսկական Հայաստանի տիրապետելու քաղաքական նպատակը։

Քրիստոնէական հաւատքէն մազդէականութեան փոխելու Յազկերտի ծրագիրը ունէր քաղաքական նպատակ, որովհետեւ ան լաւապէս կը գիտակցէր, որ քրիստոնեայ Հայաստան բնաւ հարիւր առ հարիւր հաւատարիմ պիտի չըլլար Պարսկաստանի։Կրօնքը հետեւաբար ազդու զէնք մը պիտի ըլլար՝ Հայաստանը, գէթ պարսկական բաժինը, վերջնակապէս Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ առնելու։ Հարուածը պիտի ուղղուէր ճիշդ սրտին։

Եւ ապա պատմական դէպքերը իրարու յաջորդելով՝ յանգեցան երեք ընդհանրումներու, Խաղխաղի ճակատամարտ, Առանձար Ամատունիի գունդին յարձակումը պարսկական զօրամասի մը վրայ եւ վերջապէս Աւարայրի ճակատամարտ, որ եղաւ Վարդանանց ապստամբութեան տրամաբանական գագաթնակէտային աւարտը։ Թէեւ աւելի ուշ Վարդան Մամիկոնեանի եղբօրորդին՝ Վահան Մամիկոնեան ապստամբութիւնը շարունակեց։

Բայց Յազկերտ Երկրորդի հայակուլ քաղաքականութեան դէմ ապստամբութեան պսակը՝ Վարդանանց ճակատամարտն է։

Վարդանանց ճակատամարտի խորհուրդը ըստ էութեան ազգային ազատագրական պայքարի մը բոլոր գործօնները կը բովանդակէ եւ այս պատճառով ալ այսօր Սրբոց Վարդանանց տօնը առիթ մըն է քանի մը շեշտադրումներ կատարելու։

Առաջին՝ 451-ի քաղաքական պայմաններուն մէջ, երբ հայաստանը բաժանուած էր Բիւզանդական կայսրութեան եւ հզօր Պարսկաստանի միջեւ, Վարդան Մամիկոնեանի եւ անոր զինակիցներուն ապստամբութիւնը եղաւ հայրենիքի եւ հաւատքի համար մղուած ճակատամարտը, որ հայուն մարտնչող ոգիին իւրայատուկ դրսեւորումը եղաւ։

Երկրորդ՝ ապստամբութիւնը ինքնին քաղաքական աքթ մըն էր, ծառանալով պարսկական լուծին եւ հայը իր ինքնութենէն հեռացնելու փորձերուն դէմ,եւ որ նաեւ կը պարունակէր կրօնքի ու հաւատքի զէնքերը, նկատի ունենալով մազդէականութիւնը հայութեան պարտադրելու պարսիկներու ծրագիրը։

Երրորդ՝ հայութիւնը 451-էն ետք եւ մինչեւ մեր ժամանակները տարբեր ժամանակահատուածներու մղեց իր գոյութեան եւ էութեան վտանգներու դէմ այնպիսի ճակատամարտներ եւ պատերազմներ, որոնք էութեամբ եւ խորքով կը կրէին Վարդանանց խորհուրդը։

Հայութիւնը այսօր ալ դէմ յանդիման կը կանգնի մարտահրաւէրներու, որոնք կարիքը ունին Վարդանանցի ապստամբական ոգիին բաղկացուցիչ տարրերուն։Եթէ հայաստանի մէջ հզօր եւ ժողովրդավար պետութեան մը ստեղծումն է մարտահրաւէրը, Արցախի պարագային իր հայրենի հողին վրայ ազատ ապրելու արցախցիին մղած պայքարն է անիկա։իսկ սփիւռքի պարագային ալ հայօրէն ապրելու, գոյատեւելու եւ ձուլման ալիքներուն դէմ դնելու համազգային կարեւորութիւն ունեցող պայքարն է այսօրուան մղուելիք ճակատամարտը, որ անպայմանօրէն պէտք է լիցքաւորուի Վարդանանց խորհուրդով։

Սակայն պէտք է շեշտել,որ Արցախն է այսօր ամէնէն աւելի Աւարայրի ճակատամարտի մը մղման դաշտը, ուր ոչ անպայման զէնքն ու զրահը, այլ սեփական ուժին նկատմամբ հաւատքը եւ վստահութիւնը շատ աւելի կենսական նշանակութիւն ունին, որպէսզի Աւարայրի դաշտին վրայ մարտնչած Վարդաններու եւ մետասաներորդ պահուն ինչ- ինչ հաշիւներէ առաջնորդուած ապստամբութենէն հրաժարած Վասակի եւ անոր կուսակիցներուն վիճակը չկրկնուի։Որպէսզի ալ չմնան Արցախի գոյութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան չհաւատացողներ, ոչ ալ՝ խաղաղութեան փոխարէն հող զիջելու տրամադրութիւն ունեցողներ։