Չինացի Գործարարներ Կը Ծրագրեն 100 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կատարել

Աշխարհ, Հայաստան

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան Փետրուար 27-ին ընդունեց չինական «Կուոմինկ» ընկերութեան պատուիրակութիւնը՝ նախագահ Հէ Իւրոնկի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեան:

Տիգրան Աւինեան նշեց, որ 2018-ին իր ընդունած օտարերկրեայ գործարար պատուիրակութիւններուն մէջ Չինաստանէն ժամանածներու թիւը ամէնէն մեծը եղած է:

Հէ Իւրոնկ իր կարգին նշեց, որ ընկերութեան մասնակցութեամբ Դեկտեմբեր 2018-ին կազմուեցաւ հայ-չինական բարեկամութեան զարգացման ընկերակցութիւնը, որ պիտի գործէ  միջմշակութային հաղորդակցութեան, առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան զարգացման ուղղութիւններով:

Չինացի գործարարները յայտնեցին, որ մտադիր են Հայաստանի մէջ կառուցել ժամանակակից պահեստային տնտեսութիւն, որ կրնայ սպասարկել ԵԱՏՄ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ այլ երկիրներու հետ առեւտրական հոսքերը: Բացի այդ,  ընկերութիւնը կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ ստեղծել ալիւմինի արդիւնաբերական գօտի: Ընդհանուր առմամբ, ներդրումային ծրագիրներու ծաւալը պիտի հասնի շուրջ 100 միլիոն տոլարի եւ կը նախատեսուի ստեղծել 300-400 աշխատատեղեր: