Հայ Առաքելական Եկեղեցին Կը Նշէ Ս. Վարդանանց Զօրավարներո եւ 1036 Վկաներու Յիշատակութեան Օրը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակութեան օրը:

 451 թուականի Մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին, հայրենիքի, Հայ Եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանման համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներն ու 1036 մարտիրոսները Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ  մեծագոյն սուրբերէն են: Իրենց նահատակութեամբ անոնք հաստատեցին հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը եւ լինելիութեան իրաւունքը:

Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը ընդունելէն ի վեր Հայ Եկեղեցին սերտօրէն կապուած եղած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Ատոր վառ օրինակը Վարդանանց պատերազմն է: Պարսից զօրքերու դէմ մղուած պատերազմին հայ մարտիկներու կողքին էր Հայոց եկեղեցին` Յովսէփ կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ: Մարտէն առաջ հայ հոգեւորականները ոչ միայն կը քաջալերէին զօրքը մակաբայեցիներու օրինակով, այլեւ մկրտութեան եւ Սուրբ Պատարագի խորհուրդով աւելի կ՛ամրապնդէին նուիրեալներու հաւատքն ու ոգին: «Եւ սեղան կանգնեցնելով` ամենասուրբ խորհուրդը կատարեցին, պատրաստեցին նաեւ աւազան, եւ եթէ զօրքի բազմութեան մէջ չմկրտուած մարդ կար, ամբողջ գիշերը մկրտեցին եւ առաւօտեան Սուրբ Հաղորդութիւն ընդունեցին», – կը գրէ Եղիշէ պատմիչը Վարդանանց պատերազմէն առաջ կատարուածին մասին:

 Ս. Վարդանանց տօնին առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ: