Արցախի Հանրապետութեան Հռչակումը եւ Նախապատմութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արցախեան Շարժման 31-րդ տարեդարձին առիթով՝ Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Տարօն Յակոբեան յօդուածաշար կը սկսի Artsakhpress.am-ի մէջ՝ ներկայացնելով 1991-94թթ. Արցախի ներքաղաքական կեանքի զարգացումները՝ նոր սերունդի համար բացայայտելով հետաքրքրական փաստեր եւ դրուագներ: Կը ներկայացնենք յօդուածը արեւմտահայերէնի վերածուած։

Հեղինակի առաջին գիտավերլուծական յօդուածը, որ կը վերաբերի Արցախի Հանրապետութեան հռչակման եւ անոր նախապատմութեան, ընթերցողի դատին կը ներկայացուի Հանրապետութեան վերածնունդի օրուան առիթով:

«Լեռնային Ղարաբաղը, (պատմական Արցախ նահանգի մէկ հատուածը), ըլլալով պատմական Հայաստանի անբաժանելի մաս, խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք 1921 թ. ՌԿ(բ)Կ Կովբիւրոյի Յուլիս 5-ի ապօրինի որոշումով բռնակցուեցաւ Խորհրդային Ատրպէյճանին: Այնուհետեւ, 1923 թ. Յուլիս 7-ին, Ատրպէյճանի Կենտգործկոմը ընդունեց հռչակագիր «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կազմաւորման մասին»: Սակայն նորաստեղծ մարզի սահմաններուն մէջ չընդգրկուեցան հարթավայրային Ղարաբաղի մեծ մասն ու արեւմտեան լեռնային շրջանները (ներկայիս ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի կողմէ ազատագրուած տարածքները):

(Ատրպէյճանի կողմէ տասնամեակներ ի վեր կիրառուած հակահայկական քաղաքականութիւնը, հայ բնակչութեան մարդկային եւ ազգային արժանապատւութեան ոտնահարումը ստեղծեց ծայրայեղ լարուած իրավիճակ: 1985 թ. ետտ գորբաչովեան` այսպէս կոչուած «վերակառուցման» քաղաքականութիւնը ԼՂ-ի հայութեան հնարաւորութիւն ընձեռեց հանդէս գալու իր ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան վերամիաւորելու պահանջով:

1988թ. Փետրուար 20-ին, ԼՂԻՄ ժողովրդական պատգամաւորներու մարզային խորհուրդի նստաշրջանը որոշում ընդունեց ԼՂԻՄ-ը Ատրպէյճանական ԽՍՀ կազմէն հանելու եւ Հայկական ԽՍՀ կազմին մէջ մտցնելու հարցով Ատրպէյճանական ԽՍՀ եւ Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդներու առջեւ միջնորդելու մասին: Սակայն ԽՄԿԿ Կենտկոմի քաղբիւրօն 1988 թ. Փետրուար 21-ին ընդունեց ժողովուրդներու ինքնորոշման միջազգային սկզբունքներուն հակասող որոշում, որմով Ղարաբաղեան շարժումը որակուեցաւ իբրեւ «ծայրայեղական» եւ «նացիոնալիստական», ինչպէս նաեւ` փորձ կատարուեցաւ հիմնահարցի քաղաքական լուծումը փոխարինելու տարբեր քայլերով, որն ալ հարուցեց մարզի բնակչութեան խիստ դժգոհութիւնը:

Անտեսելով հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ անոր պահանջի իրաւաքաղաքական հիմնաւորուածութիւնը` Ատրպէյճանը Մոսկուայի հովանաւորութեամբ կրկին նախընտրեց հարցի կարգաւորման, աւելի ճիշդ` մերձեցման ոչ քաղաքակիրթ մեթոտները` կազմակերպելով ցեղական զտումներու գործընթաց: Ասիկա արդէն քաղաքական ահաբեկչութիւն էր արցախահայութեան եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի հանդէպ: Խորհրդային զօրքերու օգնութեամբ հրկիզուեցան ու աւերուեցան շարք մը հայկական բնակավայրեր: Ողջ Ատրպէյճանի տարածքին վրայ սկսաւ զանգուածային մարդաորս հայ բնակչութեան հանդէպ, կարծես կը կրկնուէին 1915 թ. իրադարձութիւնները` ամէնուրեք տեղահանուած հայ բնակչութիւն եւ անմեղ զոհեր: Այդ իրավիճակը պահպանուեցաւ մինչեւ 1991 թուական, երբ նշմարուեցաւ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան լուծարման հեռանկարը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ձեւաւորուեցաւ ԽՍՀՄ-ի լուծարման գործընթացին, ԽՍՀՄ պետական կառոյցին մէջ ներառնուած ազգային պետական կազմաւորման` ԼՂԻՄ-ի եւ հայաբնակ Շահումեանի շրջանի հիմքի վրայ։ Հաշուի առնելով Հայաստանի հետ վերամիաւորման պահանջի բաւարարման անհնարինութիւնը ԽՍՀՄ-ի ու միջազգային որոշ կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ խնդիրը իբրեւ Հայաստանի` Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւն դիտելը, որ կրնար անկասելի դարձնել ատրպէյճանա-հայկական պատերազմը, ԼՂ իշխանութիւնները ընտրեցին մարտավարութեան միակ ճիշդ` փոխզիջումային տարբերակը՝ Սեպտեմբեր 2-ին ընդունելով ԼՂՀ յայտարարելու մասին Հռչակագիր։ Այդպիսով ԼՂ-ն, մէկ կողմէ` իրեն յայտարարեց Ատրպէյճանէն դուրս, միւս կողմէն` հրաժարեցաւ Հայաստանի հետ վերամիաւորումէն։ Այդ պահէն փոխուեցաւ Արցախեան շարժման բնոյթը, եւ անիկա ընդունեց անկախ պետականութիւն կերտելու շեշտուած ուղղորդում։ Այսպիսով` ԽՍՀՄ-ի լուծարման հանգամանքներուն մէջ, նախկին Ատր. ԽՍՀ-ի տարածքին վրայ կազմաւորուեցան երկու անկախ պետութիւններ. մէկը` ԼՂՀ-ն, միւսը` Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը»: (Շարունակելի)