Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին, նոր կնճիռ մը եկաւ աւելնալու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու արդէն իսկ բարդ տարածքէն ներս, երբ ԱՄՆի պետքարտուղարութիւնը բացասականօրէն արձագանգեց հայկական բանակի մարդասիրական ջոկատի մը դէպի Սուրիա գործուղման գծով:

Հայաստանի իշխանութիւնները չուշացան պատասխանելու ամերիկեան կողմի արձագանգին՝ բացատրելով, թէ այս գործուղման առաքելութիւնն ու նպատակը զուտ մարդասիրական են, եւ որ անոր գլխաւոր նպատակը տեղւոյն հայ համայնքին կարիքներուն հասնիլն է:

Անշուշտ որ անկախ պետութեան մը համար ոչ մէկ արգելք պէտք է գոյութիւն ունենայ, երբ անիկա իր սեփական ազգային շահերէն մեկնած՝ որեւէ քայլի մը կը դիմէ, մանաւանդ երբ այս վերջինը մարդասիրական նպատակ կը հետապնդէ: Նման քայլ արդարացնելու կարիքն անգամ պէտք չէ ունենայ անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն մը:

Սակայն, սուրիահայութեան կարիքներուն հասնելու եւ օժանդակելու առաքելութիւնը շատ աւելին է՝ քան մարդասիրական հերթական առաքելութիւն մը: Անիկա աղերս ունին հայ ազգային շահերու հետապնդման հետ, եւ ուստի բացարձակապէս անկարեւոր է թէ այդ ուղղութեամբ ԱՄՆն կամ այլ պետութիւն ի՞նչ կարծիք ունի այդ գծով: Գուցէ այս պարագային եւ այս առիթով, Հայաստանի պատասխանը նոյնիսկ աւելի՜ խիզախ ու կտրուկ պէտք է ըլլար ԱՄՆի իշխանութիւններուն (եւ անոնց ճամբով այլ պետութիւններու) միանգամընդմիշտ հասկցնելու համար, թէ աշխարհի ցանկացած անկիւնի մէջ ոեւէ հայ համայնքի ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը համայն հայութեան գործն է, եւ ատոր կարեւորագոյն երաշխաւորն է հայոց պետութիւնը: Երբ վտանգուած է հայը, Հայաստան տէրն է անոր, վահանն ու սուրը հայու ապահովութեան:

Աւելին, ԱՄՆի իշխանութիւններուն, Ռուսիոյ, թէ որեւէ այլ պետութեան յստակ պէտք է դառնայ, որ իրենց արտաքին յարաբերութիւններն ու շահերու տարածքը ոչ մէկ ազդեցութիւն կամ արժէք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան համար, երբ հարցը կը վերաբերի հայ ազգային շահերուն եւ հայ մարդոց պաշտպանութեան գործին: Ինչպէս որ աշխարհի իւրաքանչիւր հայ նուիրեալ զինուորն է ու պաշտպանը Հայաստանի անվտանգութեան ու անոր շահերուն, այդպէս ալ Հայաստանը երաշխաւորն է իւրաքանչիւր հայ անհատի, առաւել եւս իւրաքանչիւր հայ համայնքի:

ԱՄՆէն սկսեալ ամբողջ աշխարհը պիտի իմանայ նաեւ, որ Հայաստանն ու համայն հայ ազգը զինուորագրեալ են՝ պաշտպանելու Սուրիոյ հայ համայնքի անվտանգութիւնն ու անոր բովանդակ շահերը: Այստեղ եւս հայ ազգային շահերը գերիվեր են որեւէ տեսակի մեծապետական շահերէն եւ աշխարաքաղաքական խաղերէն, եւ Հայաստան ոչ ոքի առջեւ արդարանալու կարիքը ունի:

Այս յոխորտանք չէ, այս ազգային դաւանանք է:

Ուստի, առաւել քան ողջունելի է Հայաստանի զօրակցութիւնը սուրիահայութեան, եւ իր այդ առաքելութեան մէջ Հայաստան կը վայելէ համայն հայ ազգի անվերապահ եւ միասնական նեցուկը: