Լոս Անճելըսի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսը Մասնակցած է Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Նիստին

Աշխարհ, Հայաստան

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան, Փետրուար 15-ին, ներկայ եղած է Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին ծերակուտական Սքոթ Ուիլք պաշտօնապէս ներկայացուցած է ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը՝ ծանօթացնելով անոր կենսագրութեան ու անցած դիւանագիտական ճանապարհին:

ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Սքոթ Ուիլք մանրամասն ներկայացուցած է Քալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, բարեկամական կապերու ընդգրկուն շրջանակն ու փոխգործակցութիւնը խորացնելու հեռանկարները:

Ջերմ ընդունելութեան ընթացքին՝ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու Քալիֆորնիա-Հայաստան կապերու խորացման միտուած շփումներն ու գործնական քայլերը: