Փաշինեան Կոշտացուցած է Հայերու Դիրքորոշումը ԼՂ Հարցի Շուրջ․ Հայաստան Այցելած Ատրպէյճանցի Լրագրող

Աշխարհ, Հայաստան

Վերջերս Հայաստան այցելած ատրպէյճանական Turan գործակալութեան խմբագիր Շահին Հաճիեւ հրապարակած է իր տպաւորութիւնները Հայաստան այցէն: Ան մասնաւորապէս անդրադարձած է Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք  Արցախեան հիմնահարցի շուրջ հայ հասարակութեան տրամադրութիւններուն, կը հաղորդէ “Փանարմինիըն”:

Հաճիեւ կը գրէ, որ դժուար է գերագնահատել երկրի մը, որու հետ կը գտնուիս պատերազմական վիճակի մէջ, հասարակական կարծիքին ծանօթանալու հնարաւորութիւնը:

«Պաքուի եւ Երեւանի մէջ իշխանութիւններէն համաձայնութիւն ստանալը հեշտ չէր, եւ ամիսներ պահանջած է: Օգտուելով առիթէն կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել երկու երկրի գերատեսչութիւններուն: Առանձնայատուկ երախտիք կը յայտնեմ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան` ատրպէյճանցի լրագրողին հաւատարմագրելու համար», – գրած է Հաճիեւ:

Հեղինակը նշած է, որ անձամբ իրեն եւ Ատրպէյճանի մէջ շատերուն նախեւառաջ կը հետաքրքրէր մէկ հարց` ի՞նչ փոխուած Հայաստանի մէջ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, մարդոց տրամադրութիւնը ինչպիսի՞ն է, արդեօք կա՞յ յոյս, որ Փաշինեանի կողմնակիցներուն հետ հնարաւոր պիտի ըլլայ պայմանաւորուիլ:

«Այս հարցերուն պատասխանները կարելի է տեսնել անզէն աչքով: Եթէ ամփոփելու ըլլամ Հայաստանի մէջ զրուցակիցներուս խօսքերն ու գնահատականները, ապա անոնք այսպիսի տեսք պիտի ունենան` 1․ մենք` հայերս, ձեզի (ատրպէյճանցիներուն-խմբ.) չենք վստահիր, 2․ դուք պէտք է ընէք առաջին քայլը եւ ապացուցէք, որ այլեւս չէք դիմեր պատերազմի, 3․ Ղարաբաղն ու յարակից շրջանները պիտի չվերադարձնենք, եւ այդ հարցը ընդհանրապէս պէտք է ուղղել ոչ թէ մեզի, այլ Ղարաբաղին, 4․ պատերազմէն չենք վախնար, եւ դուք ուժով ոչնչի կը հասնիք», – գրած է հեղինակը:

Հաճիեւ նկատել տուած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ Փաշինեանի խումբին` իշխանութեան գալը աւելի շատ կոշտացուցած են հայ հասարակութիւնը Արցախեան հակամարտութեան հարցին շուրջ:

«Այդ տրամադրութիւնները կարելի է նկարագրել այսպէս․ Սերժ Սարգսեանի ծախու վարչակարգը պատրաստ էր յանձնելու Ղարաբաղի շրջանները` իշխանութիւնը պահելու համար: Սակայն կաշառակեր կառավարութեան տապալումէն եւ ժողովրդավարութեան հաստատումէն ետք ժողովուրդը այլեւս թոյլ չի տար նման բան: Բարեկրութիւնը (euphoria), որ յաջողուած է տապալել ատելի վարչակարգը, եւ բոլոր միւս հարցերը հիմա կարելի է լուծել, զգալի է ամէնուր», – իր տպաւորութիւնները պատմած է հեղինակը: