ՀՀ Նախագահը Վստահ է` Հակամարտութիւնը Լուծելու Միայն Մէկ Ճանապարհ Կայ

Հայաստան

Փոքր տարածաշրջանին մէջ, որ կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղ, որ մենք կ՛անուանենք Արցախի Հանրապետութիւն, սառեցուած հակամարտութիւնը քանի դեռ կարգաւորուած չէ, կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ, եթէ ճիշդ չկառավարուի: Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը, այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան` ելոյթ ունենալով Գերմանիոյ Հայտելպերգի համալսարանի ուսանողներու եւ դասախօսներու առջեւ:

«Ինծի համար չկայ այլ ուղի, քան հակամարտութիւնը կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով: Ցանկացած այլ տարբերակ բոլորին համար պիտի ըլլայ բացարձակ կործանարար: Եւ այստեղ կարեւոր չէ, թէ որքան հզօր ես, սպառազինութեան վրայ որքան գումար կը ծախսես կամ որքան մեծ է բանակդ: Այս տարածքին մէջ կեդրոնացած են տարբեր հետաքրքրութիւններ, մարտահրաւէրներ: Սա իսկապէս տարբեր քաղաքակրթութիւններու խաչմէրուկ է: Տեսէք, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ. Սուրիան, Մերձաւոր Արեւելքը շատ հեռու չեն, կամ Իրանը, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Հայաստանը, Թուրքիան, Ռուսիան»,– ըսած է ան:

Ըստ Սարգսեանի` այստեղ նոյնիսկ ամենափոքր ապակայունացնող երեւոյթը շատ կործանարար պիտի ըլլայ: Ուստի կայ միայն մէկ ուղի` հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծումը:

Սարգսեան յուսով է, որ հակամարտութեան կարգաւորումը հիմնուած պիտի ըլլայ բանականութեան, մարդկային արժէքներու վրայ: Ան նաեւ յուսով է, որ վերջնական լուծումը պիտի ըլլայ` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները: