Քիեւի Մէջ Նշած են Հայկական Տեառնընդառաջի Տօնը

Սփիւռք

Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ Տեառնընդառաջի տօնը նշած են ընդարձակ ծրագիրով՝ նկարչուհի Եկատերինա Դաննիկ Յովհաննիսեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսը, հիւրասիրութիւն եւ ժողովրդական երաժշտութիւն: Այս մասին յայտնում է AnalitikaUA.net-ը:

Տօնակատարութեան մասնակցած է Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, Ուքրանիոյ Հայերու միութեան, Քիեւի հայկական համայնքի, Ուքրանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան եւ հոգեւորականութեան ներկայացուցիչներ:

Հին աւանդոյթին համաձայն, որ կը ծագի մինչքրիստոնէական դարաշրջանէն, օրհնուած մոմով կը վառեն խարոյկը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի փրկող լոյսը: Այս տարի Քիեւի մէջ խարոյկը վառած են Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սէյրանեան եւ Ուքրանիոյ թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտէն ետք նորանշանակ դեսպանը դիմած է հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն:

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի կարգադրութեամբ օրը հռչակուած է նորապսակներու օրհնութեան օր: Տէառնընդառաջի տօնական սուրբ պատարագէն ետք բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի նորապսակներու օրհնութեան ծէսը: