Պետոն…

Հայաստան

Այսօր Արցախեան շարժման ու պատերազմի առաջամարտիկ ու հերոս, Շուշիի առանձնակի գումարտակի փոխհրամանատար, ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարակիր, «Մարտական խաչ առաջին աստիճան»-ի  եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանակիր Պետրոս Ղեւոնդեանի՝ Պետոյի նահատակութեան օրն է:

Պետրոս Ղեւոնդեան ծնած է 1964-ի Յունուար 30-ին, Խորհրդային Հայաստանի Նայիրիի շրջանի Պռոշեան գիւղը: Ղարաբաղեան շարժման ալիքի վրայ Հայաստանի մէջ օրէ օր ահագնացող յուզումներու, զանգուածային ցոյցերու աշխոյժ մասնակից էր: Բայց երբ օղակը սկսաւ սեղմուիլ «Ազատութեան կղզեակ»ի շուրջ, որպէս կամաւոր մեկնեցաւ Արցախ:

ԵՊՀ ռատիօֆիզիկայի ուսանող Պետոն, մարտի դաշտին վրայ շատ արագ ԼՂ աւագ սպայի Պետրոս Ղեւոնդեան դարձաւ, ընտրուեցաւ Շուշիի առանձնակի գումարտակի փոխհրամանատար: Ոչ միայն մշակեց Օմարի լեռնացքը գրաւելու դժուարին ծրագիրը, այլեւ իր գումարտակով, առանց զոհ տալու, իրականացուց զայն:

Շահումեանի շրջանին մէջ անցուցած առաջին իսկ օրերէն Պետոն աչքի ինկաւ մարդոց հետ աշխատելու իր բացառիկ վարուեցողութեամբ, մարդոց հասկնալու կարողութեամբ:

1991-ի Ապրիլ 18-ին պռոշեանցիներու խումբը ուղղաթիռով Շահումեանէն մեկնեցաւ Գետաշէն ու տեղ հասնելուն պէս Պետոն ու իր ընկեր Կարօտը անմիջապէս ներկայացան Թաթուլ Կրպէեանին` քննարկելու իրենց ջոկատի յետագայ ընելիքները: Ատիկա Թաթուլի, Պետոյի եւ Կարօտի առաջին, եւ, ցաւօք վերջին հանդիպումն էր:

 Մահը բազմիցս անցած է Պետոյի կողքով, սակայն ան Ղարաբաղի ամենաօրհասական օրերուն, նոյնիսկ Գետաշէնի, Մարտունաշէնի ողբերգական անցքերէն ետք, երբեք չապրեցաւ պարտուողի հոգեբանութեամբ, անոր դաւանանքը միայն յաղթանակն էր:

 Նոյնիսկ Շահումեանի դէպքերու ողբերգական ընթացքը ու իր մարտական ընկեր-հրամանատար Կարօտի անհետանալու վիշտը չխանգարեցին, որպէսզի ան կորսնցնէր իր վճռականութիւնն ու անսասան ոգին:

Սակայն 1994-ի Փետրուար 14-ին Քելբաջարի մէջ, երբ նոր լրացած էր անոր 30 տարին, Պետրոս Ղեւոնդեան զոհուեցաւ:

 Պետոն Ղարաբաղեան ազգային-ազատագրական պայքարի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է, որոնք զգալով օրհասական պահը` աճապարեցին Արցախ, զէնքը իրենց ձեռքը կանգնեցան ազերիական հրոսակներու հեղեղին առաջ, սեփական արեամբ ամրագրեցին մեր լինելութեան գաղափարը:

 Պետոյի գործի միակ չափանիշը անմահութիւնն է, քանզի մահը նոյնիսկ զինք չբաժնեց իր ժողովրդէն. Արցախի հերոս, ազատամարտիկ, հրամանատար Պետրոս Ղեւոնդեան 1996-ին ԼՂՀ-ի կողմէ յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Մրտական խաչ» շքանշանով: Նոյն թուականին Հայաստանի կողմէ յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Արիութեան» մետալով, աւելի ուշ ստացաւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանը, արժանացաւ «Արցախի հերոս» կոչումին: Անոր անունով կը կոչուի Պռոշեանի, Եղէգնուտի եւ Քաշաթաղի շրջանի Տիգրանաւան գիւղի միջնակարգ դպրոցները: Իսկ 2007-ին անոր հարազատ համալսարանին մէջ բացուեցաւ «Պետրոս Ղեւոնդեան» անունը կրող լսարան:

«Երկիր»