Հայաստանի Մէջ Առաջին Անգամ Պիտի Ներդրուի Գիւղատնտեսական Ապահովագրական Համակարգ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ գիւղատնտեսական ապահովագրական համակարգի ներդրման մասին: Այս մասին Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ մասնագէտները հրաւիրելով մասնակցելու ծրագիրին:

«Դուք կրնաք դառնալ գիւղատնտեսական այս յեղափոխական ծրագրի մասնակիցը:
Այս ծրագիրը Ձեզի համար է, եթէ Դուք կը հանդիսանաք`
– ապահովագրական շուկայի մասնագէտ,
– գիւղատնտեսական արտադրութեան մասնագէտ,
– վնաս գնահատող,
– գիւղատնտես,
– այգեգործ,
– գիւղատնտեսական կրթական կեդրոններու/հաստատութիւններու շրջանաւարտ,
– գիւղատնտեսական խորհրդատուական մասնագէտ,
– ֆինանսական հաստատութիւններու մասնագէտ եւ այլն:

Ծրագրի մասնակից դառնալու համար անհրաժեշտ է մասնակցիլ գիւղատնտեսական ապահովագրութեան վնասի գնահատման մասնագէտներու ուսուցման եւ վկայագրման դասընթացներուն, որ տեղի պիտի ունենայ 2019-ի Փետրուար 25-էն 27 Հայաստանի ազգային ագրարային (գիւղատնտեսութեան) համալսարանի շէնքին մէջ (հասցէ` Տէրեան, 74):
մասնակցութիւնը եւ վկայականը ԱՆՎՃԱՐ են:

Դասընթացքի աւարտէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննութիւն, որ յաջողութեամբ անցած մասնակիցները պիտի ստանան Վնասի գնահատման հաւաստագիր եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենան համագործակցելու Հայաստանի ապահովագրական ընկերութիւններու հետ:

Դիմումները կ՛ընդունուին մինչեւ 2019 թուականի Փետրուար 20»,-ըսուած է նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Դիմումի օրինակին եւ այլ մանրամասնութիւններու կրնաք ծանօթանալ հետեւեալ յղումով` https://bit.ly/2BJsM1N