Ազգային Ժողովը Ընդունեց ՀՀ Կառավարութան Ծրագիրը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը Փետրուար 14-ի նիստի ընթացքին հաստատեց կառավարութեան ծրագիրը: Կառավարութեան ծրագիրին կողմ քուէարկեց 82, դէմ` 37 պատգամաւոր:

Նախապէս «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը յայտնած էր, որ դէմ պիտի քուէարկեն նախագիծին: «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան նշած էր` կողմ պիտի քուէարկեն, եթէ միայն իրենց ներկայացուցած առաջարկները ընդունուին:

Փետրուար 12-ին կայացած նիստի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց կառավարութեան Փետրուար 8-ին հաստատուած ծրագիրը:

Փետրուար 13-ին տեղի ունեցած նիստին աւարտուցան վարչապետին ուղղուած պատգամաւորներու հարցերը, եւ մեկնարկեց ելոյթներու շրջանը,որմէ ետք քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան ծրագիրը։