Հայաստանի Կայուն Զարգացման Գրաւականը Համայնքներու Ընկերային-Տնտեսական Առաջընթացն է. 10 Միլիառ Նպաստ Պիտի Տրամադրուի

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, այս տարի, նպատակադրուած է 10 միլիառ դրամ յատկացնել նպաստի (նպաստները համայնքին կողմէ իրականացուող առանձին նպատակային ծրագիրի կատարման համար անհատոյց եւ անվերադարձ կարգով տրուող դրամական միջոցներն են): Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով` Փետրուար 11-ին, համայնքապետերու հետ հանդիպման ընթացքին, այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Անոր խօսքով` խնդիր կայ նպաստային ծրագիրներով իրականացնել յատկապէս ենթակառուցուածքներուն վերաբերող ծրագիրներ:

Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կայուն զարգացման գրաւականը համայնքներու ընկերային- տնտեսական առաջընթացն է: «Խնդիրները բազմաթիւ են, որոնց լուծման համար կը պահանջուի սրտացաւ եւ ամենօրեայ աշխատանք»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Անդրադառնալով համայնքներուն մէջ առկայ խնդիրներուն՝ վարչապետը ըսած է, որ Հայաստանի մէջ համայնքներու ղեկավարները կը տարբերին իրենց անցած ճանապարհով, կենսագրութեամբ, արժանիքներով: «Իմ ընկալումով «միջին վիճակագրական» համայնքի ղեկավարը պէտք է վայելէ համայնքին աջակցութիւնը: Մենք կը խօսինք ներդրումային միջավայրի բարելաւման մասին համայնքներուն մէջ, բայց որ համայնք կը մտնես, ուշադրութիւն կը գրաւեն տարածքներ, որոնք, կը պարզուի, համայնքի ղեկավարինը կամ վերջինիս բարեկամինն են: Ասիկա զարմանալի իրականութիւն է: Զարմանալի է, որ ատիկա կը հանդուրժուի նաեւ հանրութեան կողմէ»,- ընդգծած է ան:

Վարչապետը նշած է, որ իրեն, ՀՀ կառավարութեան ու ժողովուրդին համար այս մօտեցումը ընդունելի չի կրնար ըլլալ: «Ես կ՝ուզեմ արձանագրել, որ պետական ծառայութիւնը համայնքի ղեկավարին, աւագանիի անդամին կողմէ չի կրնար եւ պիտի չընկալուի իբրեւ գործարար գործունէութիւն: Պետական պաշտօնեայի գործունէութեան հիմքը հանրային հարստութեան բազմապատկումն է»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ կաշառակերութիւնը պէտք է արմատախիլ ըլլայ:

Համայնքներուն առջեւ ծառացած յաջորդ խնդիրը, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, աղբահանութիւնն է: «Ես կը կարծեմ, որ լրջագոյն փոփոխութիւններ եղած պիտի ըլլան, երբ մենք յաջողինք Հայաստանը ազատել աղբէն, ժանգոտած կրպակներէն ու ինքնաշարժներու թափքերէն, եւ ասիկա իսկապէս այն ոլորտն է, ուր կառավարութիւնն ու տեղական ինքնակառավարման մարմինները պէտք է համագործակցին»,- նշած է ան՝ աւելցնելով, որ Մարտ 23-ին ՀՀ-ի մէջ պիտի իրականացուի համահայկական շաբաթօրեակ, որ պէտք է կազմակերպուի պատշաճ մակարդակով: