Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախկին Հայ Պատգամաւոր Սելինա Տողանի Ամուսինը Մահուան Սպառնալիքներ Կը Ստանայ

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդի Հանրապետական Կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի նախկին հայ պատգամաւոր Սելինա Տողանի ամուսինը՝ յայտնի փաստաբան Էրտալ Տողան, մահուան սպառնալիքներ կը ստանայ հայերուն իրաւունքները պաշտպանելուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Հայ Թերթ»-ը։

Յայտնենք, որ փաստաբան Էրտալ Տողան ժամանակին զբաղած է 2007-ին սպանուած պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր ու նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքին վերաբերող դատական գործերով, Տինքի սպանութենէն ետք հանդէս եկած է նաեւ որպէս Տինք ընտանիքի փաստաբան:

Յայտնենք, որ Տողան վարած է Թուրքիոյ մէջ հայերու ունեցուածքի անօրինական բռնագրաւումներու ու շարք մը այլ հարցերով գործեր՝ բազմիցս պաշտպանելով հայազգի քաղաքացիներու իրաւունքները:

Թրքական «Արթը Կէրչէք» կայքը տեղեկացած է, որ յայտնի փաստաբանը ոչ միայն մահուան լուրջ սպառնալիքներ կը ստանայ, այլեւ կ’ենթարկուի անյայտ անձերու հետապնդումներուն, ինչպէս Հրանդ Տինք սպանութենէն առաջ: Վերջերս Տողանի գրասենեակին մօտ երեւցած են խումբ մը անյայտ երիտասարդներ, որոնք փորձած են ճշդել, թէ որ ժամերուն փաստաբանը կու գայ այստեղ եւ երբ դուրս կ’ելլէ:

Կը յիշուի, որ գրասենեակի անվտանգութեան տեսախցիկները պարզած են այդ անձերուն դէմքերը, ձայնագրութիւնները Տողան արդէն փոխանցած է ոստիկանութեան: