Այսօր Յաջողութեան Հասնելու Համար Սեւեռենք Մեր Ուշադրութիւնը եւ Գործունէութիւնը Ապագայի Վրայ. Արմէն Սարգսեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յունուար 14-ին մեկնարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի եօթերորդ գումարման առաջին նստաշրջանի բացման առիթով Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի արտասանած խօսքը.

«Վեհափառ Տէր,

Յարգելի նախագահող,

Յարգելի պատգամաւորներ,

Կը շնորհաւորեմ եօթերորդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստին առիթով: Կը շնորհաւորեմ խորհրդարան անցած քաղաքական ուժերն ու բոլոր պատգամաւորները, կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ազգային ժողովին, նախորդ գումարումներու խորհրդարաններու պատգամաւորներուն՝ Անկախութենէն ի վեր օրէնսդիր աշխատանքին համար:

Պատմութիւն դարձած 2018 թուականը մեծ փոփոխութիւններու, փորձութիւններու, սպասումներու եւ յոյսերու տարի էր, մեր ժողովուրդի լաւագոյն յատկանիշներուն՝ միասնականութեան, համախմբուածութեան, բարձր բարոյական եւ քաղաքացիական ոգիի բազմաթիւ դրսեւորումներու տարի:

Դեկտեմբեր 9-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնք ճանչցուած են անոնց մասնակցած բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ միջազգային դիտորդներուն կողմէ, բարձր օրինականութեամբ օժտած են ներկայ Ազգային ժողովը:

Նոր Ազգային ժողովի եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումով կ՝աւարտի քաղաքական փոփոխութիւններու առաջին փուլը: Կը սկսի յաջորդ, յոյսերու եւ խոստումներու իրականացման, հետեւողական, յամառ եւ ամենօրեայ աշխատանքի փուլը:

Յարգելի պատգամաւորներ,

Դուք ստացած էք լայն հնարաւորութիւններ` կեանքի կոչելու «թաւշեայ յեղափոխութեան» գաղափարները եւ արդարացնելու հասարակութեան սպասելիքները, կերտելու նոր Հայաստան:

Եւ ի հարկէ, ձեր գործունէութեան յաջողութիւնը մեծապէս կապուած պիտի ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիի աջակցութենէն եւ անոր մասնակցութենէն հասարակական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ կրթական կեանքին:

Յարգելի պատգամաւորներ,

Սահմանադրութեան 1-ին յօդուածը կը հռչակէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «ինքնիշխան, ժողովրդավարական, հասարակական եւ իրաւական պետութիւն»: Այդ դրոյթը ոչ թէ փաստի արձանագրում է, այլ պետութեան համար կարեւորագոյն սկզբունք-նպատակ. նպատակ, որ երբեք կարելի չէ համարել լիարժէք իրականացած, նպատակ, որուն պէտք է ձգտիլ մշտապէս կատարելագործելով եւ անցնելով երկար ճանապարհով:

Այսպիսով, Նոր Հայաստանը կառուցելու համար դեռ բազում եւ լուրջ բարեփոխումներ պէտք է իրականացուին բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ տարբեր մակարդակներով:

Առաջնային հարց կը մնայ Հայաստանի մէջ բնակող իւրաքանչիւր անձի բարեկեցիկ եւ արժանավայել կեանքի երաշխաւորումը:

Ներկայիս թէ՛ իրաւական հարթութեան վրայ, թէ՛ գործնական գետնի վրայ այդ իրաւունքներուն բաւարար կարեւորութիւն տրուած չէ: Նոր Հայաստանի մէջ մարդու տնտեսական, հասարակական, մշակութային, կրթական իրաւունքները եւ ազատութիւնները պէտք է հանդիսանան մարդու արժանապատւութեան կարեւորագոյն բաղկացուցիչ մասը:

Եւ այդ ընկալումն իսկ պէտք է ինկած ըլլայ իրաւական ակտերու եւ պետական մարմիններու գործողութիւններու հիմքին վրայ:

Յարգելի պատգամաւորներ,

Աշխարհը կը դառնայ աւելի անկայուն եւ անկանխատեսելի՝ լի մարտահրաւէրներով:

Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ աւանդական մօտեցումները եւ մեթոտները, հիմնարկները, կառոյցները յաճախ կը կորսնցնեն իրենց արդիւնաւէտութիւնը:
Ասիկա կը ստեղծէ մեծ վտանգներ, միաժամանակ, ի հարկէ, կը ստեղծէ նաեւ նոր հնարաւորութիւններ:

21-րդ դարը սրընթաց փոփոխութիւններու, արագ գնահատականներու եւ որոշումներու, խոր փոխկապակցուածութեան դար պիտի ըլլայ:

Մենք նոր աշխարհի դարպասներուն մօտ ենք եւ պէտք է վերափոխենք մեր մտածելակերպը եւ մեր մօտեցումները:

Գիտակցելով մեր իրական եւ թուացեալ առաւելութիւններն ու թերութիւնները, ունենալով յստակ տեսլական եւ ծրագիր ՝ օգտագործենք աշխատող, ստեղծող, մտածող ազգի մեր կարողութիւնները 21-րդ դարում:

Այոյ, փոխւում են ժամանակները, սակայն անփոփոխ են մեր նպատակները` նպաստել հզօր ու զարգացած Հայաստանի կերտմանը, նպաստել 21-րդ դարի մարտահրաւէրներին պատրաստ արժանապատիւ քաղաքացիի ձեւաւորման:

Ասոնք են մեր նպատակները:

Նոր Ազգային ժողովին բաւական ծաւալուն աշխատանք կը սպասուի խորհրդարանական դիւանագիտութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ՝ հաշուի առնելով արտաքին ոլորտին մէջ Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրները եւ մարտահրաւէրները:

Այդ մարտահրաւէրներուն շարքը երկար է. Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ արդար կարգաւորում, Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան բարձրացում, բանակի արդիականացում, եւրասիական եւ եւրոպական ուղղութիւններով համագործակցութեան խորացում, համագործակցութեան զարգացում հարեւաններու, համաշխարհային բոլոր դերակատարներու, բոլոր գործընկերներու եւ, ի հարկէ, բարեկամներու հետ, Հայաստանի տեղի ամրապնդում աշխարհի մէջ՝ իբրեւ միջազգային յուսալի եւ կայուն գործընկեր:

Այս ամէնուն համար անհրաժեշտ են մասնագիտական մօտեցումներ եւ հմտութիւններ: Կը մաղթեմ ձեզի յաջողութիւն:

Նոր Հայաստանը պէտք է հանդէս գայ իբրեւ գիտութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ նոր արհեստագիտութիւններու աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, խթանէ նորարարութիւնը, ստեղծարար միտքը:

Պէտք է ձգտիլ աշխարհին պարգեւելու Նոպէլեան մրցանակակիրներ, նոր Թումանեաններ եւ Կոմիտասներ, նոր Արշիլ Գորկիներ, Համբարձումեաններ, Խաչատրեաններ, նոր Կիւլպէնկեաններ եւ Քրքորեաններ:

Եւ ի հարկէ, բացի իրաւական, հիմնարար եւ կառուցուածքային բարեփոխումներէն, Նոր Հայաստանի մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը նոյնպէս պէտք է ստանձնէ «բարեփոխուելու» պարտաւորութիւն, պէտք է կատարելագործէ իր արժեհամակարգը, հասկնայ իր ազգային եւ անհատական ինքնութիւնը եւ անկէ բխող բոլոր պատասխանատւութիւնները:

Յարգելի պատգամաւորներ,

Այն հասարակութիւնը, որ մենք պէտք է զարգացնենք այսօր, պիտի կառուցուի մեր վարքի, հանդուրժողականութեան, բազմակարծութեան հանդէպ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ, պիտի կառուցուի մեր աշխատելու ունակութեամբ, ստեղծելու եւ ստեղծագործելու կարողութեամբ, պիտի կառուցուի այս պատերու ներքոյ կայացուելիք ողջամիտ որոշումներով:

Որոշումներ, որոնք կոչուած են բարելաւելու մեր կեանքը ոչ միայն այսօր, այլեւ վաղը՝ ապագայ սերունդներուն համար:

Խորհրդարանը այն տեղն է, ուր պէտք է բախին գաղափարները եւ տեսակէտները: Բազմակարծութիւնը, խօսքի ազատութիւնը, հանդուրժողականութիւնը եւ յարգանքը փոքրամասնութիւններու հանդէպ արժէքներ են, նաեւ՝ առաջընթացի շարժիչ ուժեր:

Եղէ՛ք ընդդիմախօսներ, բայց երբեք հակառակորդներ:

Թիրախաւորէ՛ք խնդիրները, այլ ո՛չ թէ անձերը:

Դուք իշխանութիւն էք՝ օրէնսդիր իշխանութիւն: Բայց ձեր գործը այլեւս միայն օրէնք ստեղծելը չէ, այլ նաեւ անոնց կենսագործման վերահսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան ճիւղերու միջեւ տարանջատման, զսպման եւ հակակշռման մեքենականութիւներու ստեղծումը եւ կիրառումը, որ պիտի նպաստէ մեր երկրի առաջընթացին:

Իմ խորհուրդն է՝ այսօր յաջողութեան հասնելու համար սեւեռենք մեր ուշադրութիւնը եւ գործունէութիւնը ապագայի վրայ: Աշխատինք բոլորս միասին եւ բոլորս բոլորի համար սկզբունքով:

Եւ մենք մեզ միշտ հարցնենք՝ ի՞նչ պայմաններու մէջ պիտի ապրին եւ ի՞նչ հնարաւորութիւններ պիտի ունենան մեր երեխաները ասկէ 10, 20 եւ ինչու չէ, 100 տարի ետք:

Աշխատինք կառուցել հասարակութիւն մը, որուն հիմքը կը կազմեն կայուն-յարատեւ զարգացման հիմունքները:

Կայուն, յարատեւ զարգացումը հնչեղ կարգախօս չէ միայն, անիկա կենսական խնդիր է, որուն պէտք է պատշաճ ուշադրութիւն դարձնել:

Կայուն, յարատեւ զարգացման մասին արժէ լրջօրէն խորհիլ նախքան որոշումներ կայացնելը մեր հողի, ջուրի, բնական պաշարներու, ազգային ժառանգութեան եւ արժէքներու վերաբերեալ:

Նոր Հայաստանի մէջ, երիտասարդ Հայաստանի մէջ, պէտք է խթանել սերունդներու, ինչպէս նաեւ աշխարհով մէկ սփռուած մեր հայրենակիցներու միջեւ փոխադարձ վստահութիւնն ու յարգանքը, արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:

Երբ կ՝ըսեմ երիտասարդ, ես նկատի ունիմ ոչ միայն տարիքը, այլ նախ եւ առաջ մտքի եւ հոգիի կայտառութիւնը, փնտռելու եւ գտնելու, սորվելու եւ ստեղծագործելու ունակութիւնը:

Ինծի համար Հայաստանը 21-րդ դարուն ապրող եւ յաղթելու հնարաւորութիւն ունեցող երկրի օրինակ է, քանի որ մենք կ՝արտացոլենք աշխարհի մէջ առկայ այսօրուան բոլոր միտումները: Այսինքն, մենք փոքր երկիր ենք, բայց համաշխարհային համակապակցուած ազգ:

Եւ ի հարկէ, մենք կ՝ապրինք այն խորին գիտակցումով, որ, անկախ մեր ծննդեան վայրէն, ունինք մէկ Հայրենիք: Այդ Հայրենիքը մենք պէտք է ծաղկեցնենք համատեղ ուժերով՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի միասնական ջանքերով:

Հայաստանը իրօ՛ք կրնայ դառնալ երկրագնդի ամենապայծառ կէտերէն մէկը նորարարական գաղափարներու կիրառման, մշակոյթի, գիտութեան, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Այդ ուղին դիւրին պիտի չըլլայ:

Բայց ես կը հաւատամ մեր ժողովուրդի անսպառ տաղանդին եւ անկոտրում ոգիին: Վստահ եմ, որ մենք պիտի յաղթահարենք այդ ճանապարին ինկած բոլոր դժուարութիւնները:

Յարգելի պատգամաւորներ,

Բոլորիս կը մաղթեմ կազմակերպուածութիւն, առողջ դատողութիւն, աշխատասիրութիւն, հետեւողականութիւն եւ պատասխանատւութիւն:
Խորհրդարանին կը մաղթեմ արդիւնաւէտ եւ բեղմնաւոր աշխատանք:

Իբրեւ Հանրապետութեան նախագահ, իմ լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ, պատրաստ եմ համագործակցութեան եւ աջակցութեան, համատեղ բողմնաւոր աշխատանքի՝ ի շահ մեր Հայրենիքի եւ Ժողովուրդի:

Աստուած մեզ պահապան»: