
Փայլան «Գայթակղեցուցիչ» Կ՛որակէ Իր Դէմ Նոր Հետաքննութիւն Սկսելու Որոշումը
Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ թիւ 301-րդ յօդուածը անգամ մը եւս գործադրութեան կը դրուի։
Ըստ «Ակօս»-ի՝ այս անգամ թիրախը քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանն է:
Արդարեւ, վերջերս, Տիգրանակերտի դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացած է Կարօ Փայլանի դէմ, անոր կողմէ անցեալ տարի կատարուած կարգ մը յայտարարութիւններուն վերաբերեալ եւ անոնց միջոցաւ կառավարութիւնը «անարգելու» պատճառաբանութեամբ:
301-րդ յօդուածով հարցաքննութիւն կատարելու համար պայման է ունենալ արդարադատութեան նախարարի արտօնութիւնը:
Այդ պատճառով, Տիգրանակերտի դատախազը այս մասին դիմում կատարած է նախարարութեան, եւ նախարարութիւնը արտօնած է դատ բանալ, ամբաստանութեան մէջ բաւարար հիմքեր տեսնելով։
Այժմ դատախազը կը պատրաստուի Փայլանի անձեռնմխելիութիւնը խլել, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր դէմ դատը սկսիլ:
Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Կարօ Փայլան «գայթակղութիւն» որակեց կատարուածը, որովհետեւ իրեն դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները կը վերաբերին այնպիսի արարքներու, որոնք սահմանուած են պատգամաւորի մը համար սահմանուած պարտականութիւններով:
«Շատ բնական է պատգամաւորի մը իր ընտրատարածքին մէջ քաղաքացիներու հետ հանդիպումներ ունենալը, անոնց խնդիրները լսելը, ապա անոնց մասին ելոյթ ունենալը: Հոս 301-րդ յօդուածը կը շահագործուի ընդդիմադիրները լռեցնելու նպատակով: Նման քայլեր անընդունելի են քաղաքականութեան մէջ», աւելցուց Փայլան։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը պատիժներ կը սահմանէ Թուրքիոյ պետականութիւնը, թուրք ժողովուրդը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ նախագահը հրապարակայնօրէն վարկաբեկողներուն դէմ եւ տասնամեակներէ ի վեր կը շահագործուի լռութեան մատնելու համար այլախոհները։ 301-րդ յօդուածի զոհերէն մէկն էր թուրք ազգայնամոլի մը կողմէ սպաննուած «Ակօս»ի խմբագիր Հրանդ Տինք։