Իրանահայ Գործարար Լեւոն Ահարոնեան «Ամին Օլ Զարբ» Բարձրագոյն Շքանշանին Արժանացաւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Իրանահայ յայտնի գործարար Լեւոն Ահարոնեան «Ամին օլ Զարբ» բարձրագոյն շքանշանին արժանացաւ: Ըստ «Ալիք»-ի՝ Երեքշաբթի օր, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ջահանկիրիի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ «Ամին օլ Զարբ» բարձրագոյն շքանշանի 3րդ շրջանի հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Ամին օլ Զարբ» գործարար բարձարագոյն շքանշանի արժանացան իրանցի հանրածանօթ ութ գործարարներ, որոնց շարքին էր նաեւ իրանահայ հանրածանօթ գործարար, Իրանի փոխադրամիջոցի եւ տարանցիկ բեռնափոխադրման առաջատարներէն մէկուն՝ «Սաթի» ընկերութեան հիմնադիր եւ սեփականատէր Լեւոն Ահարոնեան:

Արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ Իրանի Հանրապետութեան նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ջահանգիրի: Ընդգծելով ներկայ պայմաններուն մէջ Իրանի տնտեսութեան կենսունակութեան ապահովման համար արտածումի կարեւորութիւնը՝ Ջահանգիրի յատկապէս անդրադարձաւ այդ ասպարէզին մէջ իրանահայ գործարարներու դերակատարութեան եւ մատուցած ծառայութիւններուն:

Յայտնենք, որ Լեւոն Ահարոնեան գործօն դերակատարութիւն ունեցած է իրանահայութեան ազգային-հասարակական կեանքին մէջ: Վաստակաւոր գործարարը կը համարուի Իրան-Հայաստան առեւտուրի պալատի հիմնադիրը եւ երկու երկիրներուն միջեւ օդանաւային թռիչքի հաստատման նախաձեռնողը: