Հայաստանի Օդակայեաններու Ուղեւորահոսքը Աճած է 11.9 Տոկոսով

Այլեւայլ, Հայաստան

Անցեալ տարի, Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայեաններու՝ «Զուարթնոց»-ի եւ «Շիրակ»-ի, ուղեւորահոսքը կազմած է  2,856,673, որ 11.9 տոկոսով կը գերազանցէ 2017-ի ցուցանիշը:

 

«Արմէնիա Միջազգային Օդակայաններ» ՓԲ ընկերութեան տեղեկութիւններով՝ 2018-ին, «Զուարթնոց»-ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 10 տոկոսով: Եթէ 2017-ին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 2,448,251 ուղեւոր, 2018-ին այդ ցուցանիշը կը կազմէ 2,690,727 ուղեւոր:

2018-ին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած  է 165,946 մարդ: 2017-ի 105,664 ուղեւորահոսքին համեմատ՝ աճը կազմած է 57 տոկոս:

 

Երկու օդակայեաններուն մէջ, 2018 Յունուար-Դեկտեմբերին, նախորդ տարուան համեմատ, 9.8 տոկոսով աճ արձանագրած են նաեւ թռիչք-վայրէջքները: