Ցեղասպանութիւն Գործադրելու Բարձր Հաւանականութիւն Ունեցող Երկիրներու Ցանկին Վրայ Թուրքիա 8րդ Տեղը Կը Գրաւէ

Աշխարհ

Միացեալ Նահանգներու հրեաներու ողջակիզման (Հոլոքոսթի) թանգարանին աջակցութեամբ շարունակուող «Ժամանակէն առաջ՝ ահազանգ» նախագիծի ծիրին մէջ հրապարակուեցաւ «Ցեղասպանութիւն իրագործել սպառնացող երկիրներու ցանկը»: Հետազօտութիւնը կատարուած է 30 երկիրներու մէջ, ուր տարուան ընթացքին հազարաւոր մարդ սպաննելու հաւանականութիւն կայ: Ցեղասպանութիւն իրագործելու բարձր հաւանականութիւն ուենցող երկիրներու ցանկին վրայ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը շուրջ 30.9 տոկոս հաւանականութեամբ՝ կը գրաւէ առաջին տեղը, իսկ Թուրքիան, 2018-19 տարիներու տուեալներուն համաձայն,  Աֆղանիստանէն, Եգիպտոսէն, Հարաւային Սուտանէն, Փաքիստանէն, Եմենէն եւ Անկոլայէն ետք, 11.2 հաւանականութեամբ կը գրաւէ 8-րդ տեղը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

«Ժամանակէն առաջ՝ ահազանգ» նախագիծը սկսած է իրականացուելու 2011-ին, Միացեալ Նահանգներու հրեաներու ողջակիզման թանգարանին մէջ գտնուող «Սայմըն-Սքիոթ» Ցեղասպանութեան կանխարգիլման կեդրոնի (Simon-Skjodt Center for the Prevention of Genocide) եւ Տարթմութ Քոլեճի «Տիքի» միջազգային փոխըմբռնման կեդրոնի (Dickey Center for International Understanding) հետ:

Նախագիծը հսկայական տուեալներու մշակումով՝ կը գնահատէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ զանգուածային վայրագութիւններ իրականացնելու հաւանականութիւնը: