Լիբանանի Մէջ Այսօր Ընդհանուր Գործադուլ Է. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Զօրակցին Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, երէկ յետմիջօրէին այցելեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով զօրակցութիւն յայտնուեցաւ` Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կազմակերպած այսօրուան ընդհանուր գործադուլին:

Հանդիպումէն ետք Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ այս քայլը բաւական ուշ առնուած է` աւելցնելով, որ ինք քանի մը առիթներով թէ՛ Ասմարի հետ հանդիպումներուն ընթացքին, թէ՛ կատարած հարցազրոյցներուն եւ յայտարարութիւններուն ընդմէջէն կոչ ուղղած է լիբանանցիներուն շարժելու: Ան հաստատեց, որ այս կացութեան առընթեր լիբանանցի ժողովուրդը չի կրնար դիտորդի դերակատարութեան մէջ ըլլալ, որովհետեւ ժողովուրդին իրաւունքն է ստանալ այն, ինչ որ խոստացուած է անոր:

Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան մարզին` Կիտանեան նշեց, որ կառավարութեան կազմութիւն կը նշանակէ շարունակել մնալ աշխարհի զբօսաշրջական քարտէսին վրայ, իսկ կառավարութեան կազմութեան յապաղում կը նշանակէ բացակայիլ այն բոլոր նուաճումներէն, որոնք իրագործուած են նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին:

Անդրադառնալով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի յայտարարութեան, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէկ ամիս եւս ուշանալուն պարագային ընթացաւարտ կառավարութիւնը որոշ նախարարութիւններ ֆինանսաւորելու խնդիր պիտի ունենայ, Ա. Կիտանեան ըսաւ. «Իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն մենք միայն կրնանք ժողովուրդին կողքին ըլլալ եւ անոնց դիմագրաւած հարցերուն լուծման մաս կազմել: Այս իմաստով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը մեզի համար տիպար օրինակ է»:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ընդհանուր գործադուլին յանձնառու չմնալ կը նշանակէ անտարբեր ըլլալ: «Այս իմաստով կը խնդրեմ, որ գործընկերներս ինձմէ չնեղանան, որովհետեւ անոնք, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու զբօսաշրջական մարզերուն ներկայացուցիչները գիտեն, թէ առաջիններէն էի` նման շարժում ողջունելու առումով, որովհետեւ համոզուած էի, որ այս ձեւով կարելի չէ շարունակել», յայտնեց ան:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ չորս կամ հինգ տարի առաջ կարելի էր թերեւս կառավարութեան կազմութիւնը կամ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ուշացնել, սակայն ներկայիս բոլորին համար յստակ է, թէ երկիրը կը գտնուի անդունդի եզրին: «Հակառակ անոր որ անձամբ միշտ լաւատես եմ, սակայն տեղեկութիւններուս համաձայն, Արաբական տնտեսական վեհաժողովին ներկայացուցչութեան մակարդակը պիտի նուազի, եթէ կարելի չըլլայ Լիբանանի կառավարութիւնը կազմել: Մեզի համար անընդունելի է, որ երկրին նկատմամբ վստահութիւնն ու Լիբանանի ճակատագիրը վտանգուի` որոշ խոչընդոտներու պատճառով: Կը հաւատամ, որ ասիկա արտօնելի չէ, եւ այս դիտանկիւնէն մեկնելով զօրակցութիւն կը յայտնենք համադաշնակցութեան եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` ձայն բարձրացնելու: Նկատի ունենալով, որ այս շարժումը ոչ ոքի դէմ ուղղուած է եւ մենք յանձնառու ենք այդ գործադուլին, եկած ենք հաստատելու, որ լիբանանցիները իրաւունք ունին երկրին պատասխանատուներուն միաձայն ըսելու` «Բաւարար է»: Եթէ այս քայլը դրական արդիւնք չունենայ, ապա մենք կը յուսանք, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար կը շարունակէ այլ քայլերու դիմել, որպէսզի մեր պատասխանատուութիւնները ստանձնենք եւ կառավարութիւն մը կազմելու որոշում տանք», հաստատեց Ա. Կիտանեան:

Պատասխանելով լրագրողներուն կողմէ ուղղուած այն հարցումին, թէ ո՞վ է կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող կողմը, նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով մեծ ջանքեր ի գործ կը դրուին` աւելցնելով, որ կան կարգ մը խոչընդոտներ, որոնք կարելի է շրջանցել: «Այդ պատճառով ալ 24 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ս. Ծննդեան գիշերը թուիթըրեան գրառում մը կատարեցի` ըսելով, որ կը մաղթէի լիբանանցիներուն տօնը շնորհաւորել կառավարութեան կազմութեան աւետիսով, սակայն կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու ծայրայեղ եսասիրութեան պատճառով շնորհաւորութիւնները ստիպուած եմ փոխարինել ցասումս արտայայտելով: Պէտք չէ անձնասէր ըլլալ եւ վերջ», եզրափակեց Ա. Կիտանեան:

Նշենք, որ այսօր ամբողջ Լիբանանի տարածքին ընդհանուր գործադուլ է` Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան որոշումով: