Գերմանիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորը Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները Դատապարտող Զեկոյց Ստորագրած է

Աշխարհ

Գերմանիոյ խորհրդարանի թուրք պատգամաւոր Սեւիմ Տաղտելէնը ստորագրած է խորհրդարանի` «Ձախեր»ու կուսակցական խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները քննադատող զեկոյցը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Ensonhaber-ը։

Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.«Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն Թուրքիոյ ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ հիւսիսը` Աֆրինի, Ազազի, Էլ Պապ եւ Ճըրապլուսի շրջաններուն մէջ, կը համապատասխանէ ռազմական գրաւումի չափանիշներուն»:

Տաղտելէնի խօսքերով` Սուրիայէն ԱՄՆ-ի զօրքերու դուրս գալէն ետք, Սուրիան կը մնայ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած:

«Ձախեր»ու խմբակցութեան պատգամաւորը յայտնած է, որ զեկոյցը պէտք է զգուշացում ըլլայ Գերմանիոյ կառավարութեան համար:

Ան քննադատած է, որ Գերմանիան կը խուսափի Սուրիոյ մէջ Թուրքոյ ռազմական գործողութիւնները որակելու իբրեւ միջազգային իրաւունքի խախտում:

Յիշեցնենք, որ խորհրդարանի պատգամաւոր Տաղտելէնը նախապէս ըսած էր, որ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ ձեռնարկուած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ժամանակ սպաննուած են  բազմաթիւ քաղաքացիներ: Տաղտելէն կոչ ըրած էր, որ անմիջապէս դադրեցնեն գործողութիւնը եւ աւելցուցած, որ ՆԱԹՕ-ն պէտք է պատժէ Թուրքիան: