Աթէնքի Կեդրոնը Պայթում` Եկեղեցւոյ Մօտ

Աշխարհ

Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի կեդրոնի Քոլոնաքի շրջանին մէջ` Ս. Դիոնիսիոս եկեղեցւոյ մօտ ռումբ մը պայթած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը՝ վկայակոչելով «Սփութնիք Յունաստան»-ը:

Վիրաւորուած է ոստիկան մը, որ մօտեցած էր ռումբին: Վկաներու ցուցմունքներուն համաձայն, պայթումը տապալած է կանգնած մոթորսիքլեթները. պայթումի ալիքէն մէկ կողմ նետուած են աղբարկղերը:

«Նիուզիթ» կը հաղորդէ, որ պայթումը տեղի ունեցած է տեղական ժամանակացոյցով ժամը 7:10-ին եւ, բացի ոստիկանէն, վիրաւորուած է նաեւ եկեղեցւոյ պահակը: Վերջինս տեսած է կասկածելի առարկան եւ ոստիկանութիւն կանչած: Ոստիկանը հազիւ մօտեցած է, ռումբը պայթած է:

Ռումբը դրուած է մետաղէ արկղի մը մէջ` եկեղեցւոյ մուտքին մօտ: