Տերսիմահայերը Պոլսոյ Մէջ Նշած են Կաղանդը` Հայկական Նոր Տարին

Աշխարհ, Էրկիր

Պոլսոյ մէջ գործող Տերսիմի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ,նոյն կեդրոնի անդամներոն կողմէ կազմակերպուած է Կաղանդին նուիրուած տօնակատարութիւն: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը յայտնէ Pirha.net կայքէջը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ տօնակատարութեան ծիրէն ներս մասնակիցները համտեսած են Տերսիմի Բերդակ գաւառի ջրացաղին մէջ աղցուած 150 տարուան ցորենի ալիւրով պատրաստուած ճաշատեսակ մը:

Տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած է կազմակերպութեան անդամ Սոնգիւլ Եալչըն, որ մասնաւորապէս նշած է. «Մենք` տերսիմցիներս, այստեղ կը նշենք Կաղանդը, որ կը նշանակէ հրաժեշտ տալ նախորդ տարուան եւ Նոր տարին դիմաւորել երջանիկ, առողջ եւ խաղաղ հոգիով»:

Ելոյթ ունեցած է նաեւ արուեստի գործիչ Տողան Չելիք, որ ըսած է. «Տերսիմի մէջ Կաղանդը կը նշանակէ իրաւունք եւ ճշմարտութիւն, քանզի Ամանորին ընկերներն ու հարեւանները կ՛այցելեն իրարու: